Իրան «Փակեց» Լոնտոնի Ողիմպիականի Խաղերուն Պաշտօնական Կայքէջը
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի կառավարութիւնը իր երկրին տարածքին փակեց 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական կայքէջը:
London2012.com-ի փոխարէն ինքնաբերաբար կը բացուի Peyvandha.ir կայքէջը, որ Իրանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջն է: Այնտեղ ներկայացուած է, թէ ինչո՛ւ «փակուած է» այդ կայքէջը:
Kabirnews.com կը յայտնէ, որ իրանցիներուն մեծամասնութիւնը դատապարտած է այս արարքը` տեղական լրատուական կայքէջերուն մէջ:
Նշենք, որ Ամառնային 30-րդ ողիմպիական խաղերը Լոնտոնի մէջ պիտի սկսին 27 յուլիսին եւ պիտի աւարտին 13 օգոստոսին:
CATEGORIES Մարզական

