ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- Սփըրզ Եւս Ապահովեց Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Սան Անթոնիօ Սփըրզ հանդիսացաւ չորրորդ խումբը, որ Շիքակօ Պուլզէն, Մայեմի Հիթէն եւ Օքլահոմա Սիթիէն ետք ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:

Թէեւ Սփըրզ երէկ իր կատարած մրցումին 91-84 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եութա Ճեզէն, սակայն ցարդ իր արձանագրած 40 յաղթանակներուն շնորհիւ կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի երկրորդ դիրքը:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 103-98
Օրլանտօ Մեճիք – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 119-89
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շարլոթ Հոռնեթց 113-85
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ 93-91
Օքլահոմա Սիթի – Միլուոքի Պաքս 109-89
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 94-85
Տենվըր Նակեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 123-84
Ֆէոնիքս Սանզ – Մինեսոթա Վուլվզ 114-90
Եութա Ճեզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 91-84
Հիուսթըն Ռոքեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 94-89

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Եորք Նիքս

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES