Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Սփիտ – Թեսթի Առաջին Հանգրուանի Մրցումը` Կիրակի, 15 Ապրիլին
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.էն կ՛իմանանք, որ կիրակի, 15 ապրիլին կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սփիտ-Թեսթի առաջին հանգրուանի մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի 2012-ի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 12 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Մասնակցող ինքնաշարժներուն քննութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 14 ապրիլին, Հատասի շրջանին մէջ գտնուող «Մեքանիք»-ի կեդրոնին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

