«Տէյվիս-Քափ»-Ի Դասաւորման Մէջ Արժանթին` 2-Րդ Դիրքին Վրայ
Թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Արժանթինի ազգային խումբը կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 24,462,50 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի 2011-ի տիտղոսակիր Սպանիա, որ ապահոված է 39,178,13 կէտ:
Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Սերպիա (22,257,82 կէտ):
Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Չեխիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Խրուաթիա, Աւստրիա, Ղազախստան եւ Գերմանիա:
CATEGORIES Մարզական

