«Տակաւին Կանուխ Է Ծրագիրի Ձախողութեան Մասին Խօսելու» Կ՛Ըսէ Անան
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի սուրիացիներու կողմէ սուրիական տագնապի լուծման` առանց սուրիական գերիշխանութեան ոտնահարման:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը մեզ տեղեակ պահեց, որ ծանր զէնքերու օգտագործումը դադրած է»: Ան նաեւ նշեց, որ «Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն անդամներ կատարեցին յայտարարութիւններ, որոնք Անանի ծրագիրը կրնան ձախողեցնել»:
Լաւրով յայտնեց, որ Մոալլեմ իրեն վստահեցուցած է, որ Սուրիա յանձնառու է Անանի ծրագիրին: Ան ըսաւ, որ «սուրիական բոլոր շրջանները լրատուամիջոցներուն մուտքը դասաւորելը կարեւոր է»` «սուրիական ընդդիմութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն» կոչ ուղղելով «զայն զինադադար հաստատելու քաջալերել»: Ան ըսաւ, որ Սուրիա Անանի ծրագիրի գործադրութեան մէջ աւելի ազդու պէտք է ըլլայ: Խօսելով դէտերու առաքելութեան մասին` ան նշեց, որ դէտերը Կոլանէն Սուրիոյ այլ շրջաններ տեղափոխելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ ինք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ Տաւութօղլու իրեն վստահեցուցած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ միակողմանի քայլի մը պիտի չդիմէ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիոյ հետ համակարգումը առօրեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենայ»: Ան ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանէն խնդրած է կապ հաստատել զինեալ խմբաւորումներուն ու անոնց աջակցող երկիրներուն հետ եւ ատոր արդիւնքներուն վերաբերեալ «ինծի նամակ մը ուղղել»:
Ուալիտ Մոալլեմ շեշտեց, որ «բռնարարքներու յարատեւ դադրեցումը պէտք է միջազգային դէտերու (Սուրիա) ժամանումին զուգահեռ ըլլայ»` նշելով, որ իրենք ռուս դէտերու ժամանումը կանխաւ կ՛ողջունեն: Ան ընդգծեց, որ «Սուրիա պէտք է կարծիք ունենայ այն երկիրներուն մասին, որոնք իրենց դէտերը կ՛ուղարկեն»:
Մոալլեմ յայտնեց, որ «Անանի նկատմամբ բարի կամեցողութիւնը պիտի շարունակենք»` նշելով, որ Անանի ծրագիրին իբրեւ գործադրութիւն «կարգ մը նահանգներէն կարգ մը զինուորական մեքենաներ հեռացուեցան» եւ «անկարգութիւններ կատարած ձերբակալեալներ ազատ արձակուեցան»: Ան Լաւրովին վստահեցուց, որ բոլոր կողմերէն կատարուող բռնարարքներու դադրեցումը սուրիական կառավարութեան շահերէն կը բխի` նշելով, րր «հակառակ դրական քայլերուն, իւրաքանչիւր օր ահաբեկչական խմբակներուն գործողութեանց մագլցումն ու այլ նահանգներու մէջ տարածումը կը տեսնենք»:
Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Թուրքիա ներկայիս Սուրիոյ մէջ մեր դիմագրաւած խնդիրին մէկ մասն է»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա ընդդիմութեան ապաստանարան կը տրամադրէ, կը մարզէ եւ կ՛արտօնէ, որ իր սահմանէն զէնք մաքսանենգեն:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիա զիրենք տեղեակ պահած է, թէ սուրիական բանակը սկսած է Հոմսէն հեռանալ:
Միացեալ Նահանգներ երէկ յայտարարեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը թուի ցայժմ Անանի ծրագիրին կէտերուն յանձնառու չըլլալ: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «սուրիական բանակի հեռանալուն վերաբերեալ որեւէ փաստ չկայ, այլ` քաղաքայիններու դէմ յաւելեալ վայրագութեան փաստեր կան»: Սպիտակ տունը նշեց, որ ՄԱԿ պէտք է գործի լծուի, եթէ Անան յայտնէ, թէ Սուրիա իր խոստումները չյարգեց:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «կը թուի, թէ Սուրիա իր ստանձնած յանձնառութիւնները գործադրելու մտադրութիւն չունի»: Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի յայտարարեց, որ «ինչպէս որեւէ այլ քաղաքական ղեկավար, չեմ կրնար հիմա վաղուընէ սկսեալ տեղի ունենալիքին շուրջ նախատեսութիւն կատարել»: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Լի Եուշինկ յայտնեց, որ պատասխանատու ըլլալ կը նշանակէ սկզբունքները պահել եւ սխալին ոչ ըսել` նշելով, որ Չինաստան Սուրիոյ մէջ կարգ մը երկիրներու կատարած քայլերուն դէմ է:
Անան Թուրքիոյ մէջ սուրիական գաղթակայանները այցելելէ ետք յայտնեց, որ գաղթականներուն այդտեղ կեցութիւնը պիտի չերկարի` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու համար պէտք է յաւելեալ ջանքեր թափենք»: Ան Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց բռնարարքները դադրեցնելու` նշելով, որ «բռնարարքները դադրեցնելու համար նախապայմաններ պէտք չէ ըլլան»` աւելցնելով միաժամանակ, որ «տակաւին մինչեւ 12 ապրիլ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու առիթ ունինք եւ կառավարութեան ու ընդդիմութեան կոչ կ՛ուղղենք ատոր յանձնառու մնալու, եւ տակաւին կանուխ է ծրագիրի ձախողութեան մասին խօսելու»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չինաստանի մէջ անդրադարձաւ երկուշաբթի օր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպին: Ան յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ պիտի ընէ այն, ինչ որ կը պահանջուի:
«Սահմանի խախտման պարագային Թուրքիա ի՞նչ պէտք է ընէ: Պէտք է առաջնորդուի միջազգային իրաւունքով: Այլ երկիրներ միջազգային իրաւունքի, օրէնքներու ծիրին մէջ ինչ որ ըրած են, նոյնը պէտք է ընէ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ «միջազգային իրաւունքի բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք» ըսելով ապահովական գօտիի ստեղծում նկատի ունի՞, Էրտողան յայտնեց, որ հարցը քննարկման պիտի դրուի եւ պիտի կատարուի այն որ յարմար պիտի գտնեն: «Մենք Ռուսիոյ կ՛ըսենք, որ տեսէք, մեր երկիրը 25 հազար մարդ եկած է, 150 միլիոն տոլարի ծախս կատարած ենք: Կը կարծենք, որ եկողներուն թիւը շուտով 100 հազարի պիտի հասնի: Եթէ նոր եկողներ ըլլան, զանոնք ալ պէտք է ընդունինք: Գաղթականներու ճամբարներուն մէջ մարդիկ մեզ փրկիչ կը նկատեն: Այդ մարդոց լացի ձայնը չլսել չենք կրնար: Մենք պէտք է անոնց տէր կանգնինք եւ ապահովենք անոնց անվտանգութիւնը», ըսած է Էրտողան:
«Սահմանի երէկուան խախտումին համար մենք մեր վերջին գնահատականները պիտի տանք եւ ատկէ ետք մեր արտաքին գործոց նախարարը կամ ես անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու արձանագրուած միջադէպէն ետք Չինաստանէն անմիջապէս Թուրքիա վերադարձաւ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ թրքական իշխանութիւնները դէպքի վայրին մօտ գտնուող սահմանային անցման կէտ մը փակած են` նշելով, որ թրքական բանակը շրջանին մէջ տարածուած է, սակայն կրակ չէ բացած: Աղբիւրները կը նշեն, որ եթէ սուրիացի գաղթականներուն թիւը մեծ չափով աւելնայ, «խիստ միջոցառումներ կրնան որդեգրուիլ»:
Աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ սուրիական բանակին կողմէ արձակուած ռումբեր Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու ճամբարի մը մօտ ինկած են: Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ զինադուլի հաստատման համար սուրիական կառավարութեան 48 ժամուան պայմանաժամ կու տայ, այլապէս պիտի վերսկսի անոր դէմ յարձակումներ գործել:


