Պոլսոյ Կառավարիչի Գրասենեակին Առջեւ Ռումբ Մը Վնասազերծուեցաւ

Թրքական ոստիկանութիւնը երէկ Պոլսոյ կառավարիչին գրասենեակին առջեւ ծրարի մը մէջ դրուած ռումբը վնասազերծեց: Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին Պոլսոյ մէջ վնասազերծուած չորրորդ ռումբն էր:

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ոստիկաններ երէկ առաւօտ Ֆաթիհ շրջանին մէջ գտնուող գրասենեակին առջեւ կասկածելի ծրարը յայտնաբերելով` կանչած են ռումբերու վնասազերծման մասնագէտները, որոնք շրջանին շուրջ ապահովական գօտիի ստեղծումէն ետք, զայն վնասազերծած են:

Պոլսոյ կառավարիչի գրասենեակին շուրջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուած են:

Share this Article
CATEGORIES