Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դրամատուները լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Ս. Զատկուան արձակուրդէն ետք պետական նշանակումներու թղթածրարը կառավարութեան քննարկելիք թղթածրարներուն առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց լիբանանեան ընկերութեան մէջ տարածելու Դիմադրութեան մշակոյթը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին մեծամասնութեան, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կը զօրակցի եւ ոչ թէ զինեալ խմբաւորումներուն:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, երբ իսրայէլեան 6 օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Արքուպի, Մազարեհ Շեպաայի, Ժապալ Շէյխի եւ Ղաժարի վերեւ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Աւստրալիա, երէկ խստիւ դատապարտեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է բացայայտելու յանցագործ կողմը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրական օրէնքի որդեգրումով կարելի պիտի ըլլայ ագարակի պետութենէն փոխադրուիլ իսկական պետութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց Ալի Շաապանի սպանութեան եւ պահանջեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձը փոխանցել Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Ժալ էլ Տիպի բնակիչները կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք փակեցին Անթիլիասէն Տորա տանող մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահռելի խճողում: Ցուցարարները պահանջեցին Ժալ էլ Տիպի կազմաքանդուած կամուրջին փոխարէն այլ կամուրջի մը կառուցումը, որպէսզի դէպի իրենց բնակարանները ելք մը ապահովուի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործադրելու համար 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը եւ զայն հասցնելու իր աւարտին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել կարելի եղածին չափ լաւ ընտրական օրէնք մը մշակելու առումով:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն պետական նշանակումներ կատարելու:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ իր առաջարկած ընտրական օրէնքին մասին համախոհութիւն չէ գոյացած` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կ՛ուղղուին դէպի 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց միջազգային նուազուրդ մը կատարելու` հիմնելու համար ելեկտրական հոսանք արտադրող արդի կայաններ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երթեւեկի խճողումը նուազեցնելու միակ միջոցը պիտի ըլլայ հանրային փոխադրութեան վերահաստատումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES