Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Տնտեսական Պատուիրակութիւն Մը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը, որուն ընկերակցեցաւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) վարչական խորհուրդի փոխնախագահ Ղազի Եհիա, ինչպէս նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան ընկերային-տնտեսական յանձնախումբի անդամ Խալիլ Շըրրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Տամանին վճարուելիք գումարներուն վրայ արձանագրուած յաւելումները, որոնք ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն ծանր բեռ դարձած են, յատկապէս տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ:

Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւանական այլընտրանքները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ Տամանի յաւելեալ վճարումներէն ձերբազատել զանոնք:

 

Share this Article
CATEGORIES