Հանրապետութեան Միւֆթին Շնորհաւորեց Նախագահ Սլէյմանը, Ռայի Պատրիարքն Ու Զօր. Քահուաժին

Միւֆթի Քապպանի եւ դեսպան Փիեթոն

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին միւֆթի Քապպանի Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց:

Միւս կողմէ, միւֆթի Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Փիեթոնի այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՆՇԵՆՔ, որ Փիեթոն նման այցելութիւններ տուաւ նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

 

Share this Article
CATEGORIES