«Ֆայեզ Քարամ Կրեց Իր Գործած Սխալին Պատիժը » Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, որ նիստէն ետք հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք ամօթ զգացած է Ֆայեզ Քարամը ընդունելով: «Ֆայեզ Քարամ իր գործած յանցանքին պատիժը կրեց եւ մեզի այցելելէ ետք ուղղուեցաւ իր բնակարանը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին մասին հարցումի մը` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ մասին ոչինչ կրնայ ըսել մինչեւ հետաքննութեան աւարտն ու հետաքննութեան արդիւնքներուն բացայայտումը: «Ես համախմբումի նախագահ եմ, նախկին վարչապետ եւ բանակի հրամանատար: Հետեւաբար ես միշտ կը սպասեմ հետաքննութեան արդիւնքներուն, նախքան այս կամ այն կողմին հասցէին ամբաստանութիւններ կատարելս», ըսաւ ան:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով զօր. Աուն յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ոճիրի պարագային ճիշդ չէ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին դէմ ցեխարձակումներ կատարուին եւ ան ամբաստանուի տեղեկութիւնները պահելու յանցանքով:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ցանցին տեղեկութիւնները յանձնելու առումով պէտք է ամբողջացնել օրինական գործառնութիւններ եւ ոչ թէ նախարարը ամբաստանել», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին:
«Իմ առաջարկս էր մշակել ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը վերածէ մէկ ընտրաշրջանի, որովհետեւ այդ օրէնքը մեզի կը փրկէ համայնքային դրութենէն եւ իսկական մեծամասնութիւն ու փոքրամասնութիւն կը ստեղծէ», ըսաւ ան:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ հետաքննութեան արդիւնքէն ետք է, որ պիտի յայտարարեն այդ դէպքին վերաբերեալ իրենց տեսակէտը:
Զօր. Աուն մաղթեց, որ յառաջիկայ 17, 18 եւ 19 ապրիլին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստերը ըլլան հանդարտ:


