Փոխվարչապետը Ընդունեց Զասպիքինը

Զասպիքին, Ֆորոպիեւ եւ Մուքպել

Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան մշակոյթի եւ արտաքին յարաբերութեանց կցորդ Սերկէյ Ֆորոպիեւ:

Հանդիպումին ընթացքին Զասպիքին եւ Ֆորոպիեւ Մուքպելի հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Զասպիքին խստիւ դատապարտեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեններէն Ալի Շաապանի սպանութիւնը եւ այդ արարքը նկատեց անարգ ոճիր մը:

«Իմացանք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այս իմաստով իր ցուցմունքները տուած է արդէն, եւ պէտք է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն», ըսաւ Զասպիքին:

Սուրիոյ տագնապին առումով, ռուս դեսպանը շեշտեց, որ Մոսկուա պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակելու Դամասկոսին եւ սուրիական ընդդիմութեան, որպէսզի անոնք երկխօսութեամբ լուծեն երկրին դիմագրաւած տագնապը:

Share this Article
CATEGORIES