Մայֆատունի Մէջ Ալի Շաապանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին
Ալի Շաապանի երկրորդ ընտանիքին` «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ անոր ծնողքին ու հարազատներուն սուգը երէկ հասաւ իր գագաթնակէտին, իր գործին մէջ պարտաճանաչ, բծախնդիր եւ ճշդապահ Ալիի յուղարկաւորութեամբ:
«Ժատիտ»-ի քամերամեն Ալի Շաապանի դիակը, որ նախանցեալ օր հասած էր Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, երէկ առաւօտեան փոխադրուեցաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կեդրոնը եւ ապա փոխադրուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր կը գտնուի իր ծնողքին բնակարանը` վերջին հրաժեշտը առնելու իր հարազատներէն եւ պաշտօնակիցներէն:
Սուգի ճնշող մթնոլորտին մէջ Ալի Շաապանի դագաղը ուսամբարձ շրջեցաւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ` ստանալով առատ ծաղիկներ ու բրինձի հատիկներ, որոնք յառաջիկայ կիրակի օր պիտի տեղային սպաննուած քամերամենին վրայ, երբ պսակուէր :
Այնուհետեւ Ալի Շաապանի թաղման թափօրը ուղղուեցաւ Մայֆատուն գիւղաքաղաք, որուն մզկիթին մէջ կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եւ ապա հողին յանձնուեցաւ տակաւին միայն 30 գարուն ամբողջացուցած Ալի Շաապանի մարմինը:
Ալի Շաապանի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա եւ մեծ թիւով լրագրողներ, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, քամերամեններ, լրատուամիջոցներու եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր Թահսին Խայեաթ եւ ամբողջ անձնակազմը:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Ալի Շաապանի ընտանիքը Մայֆատունի մէջ ընդունեց ցաւակցութիւնները:
Նշենք, որ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա սէյիտ Նասրալլայի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Շաապանի ընտանիքին` խստիւ դատապարտելով գործուած ոճրային այս արարքը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ իր կարգին այցելեց Մայֆատուն եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի ընտանիքին` անոր մաղթելով մխիթարութիւն:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի այլ քամերամեն մը` Ապըտ Խայեաթ, որ դէպքին պահուն կ՛ընկերակցէր Ալիի, երէկ «Ժատիտ»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց իր հրաժարականը այդ ասպարէզէն: Ան իր արցունքներուն մէջ խեղդուող ձայնով յայտնեց, որ չէ կրցած օգնել իր ընկերոջ եւ ինքն է, որ լսած է անոր ցաւի վերջին արտայայտութիւնը եւ զգացած անոր արիւնահոսութիւնը:
Միւս կողմէ, Ալի Շաապանի սպանութեան առումով արձանագրուած դատապարտումի ալիքը շարունակուեցաւ բարձրանալ, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի այցելեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը, ուր ան ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Շաապանի սպանութեան առիթով:
Պաալպեքի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն մշակելու օրէնք մը, որ կ՛երաշխաւորէ լրագրողին ապահովութիւնը` անոր պարտականութեան ընթացքին:
Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Շաապանի սպանութիւնը` զայն նկատելով պատգամի նահատակը:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն խոր ցաւ յայտնեց Շաապանի սպանութեան առիթով եւ խստիւ դատապարտեց անոր դէմ գործուած քստմնելի ոճիրը, ինչպէս նաեւ դատապարտեց լրագրողներուն դէմ գործուած յարձակումը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան գուժեց Շաապանի մահը եւ պահանջեց հետաքննութիւնը արագացնել` բացայայտելու համար ոճիրին դրդապատճառները:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին դատապարտեց Շաապանի դէմ գործուած ոճիրը. ան ցաւակցութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու օրինական քայլերը` բացայայտելու համար սպանութեան դրդապատճառները:
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը խստիւ դատապարտեց սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը հարցաքննութեան կանչելու:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ ապահովական միջոցառումները որդեգրած ըլլար, Ալի Շաապանի դէմ կրակ չէր բացուէր:


