Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ալի Շաապանի Սպանութեան Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս Իպրահիմ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմը եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որոնց հետ քննարկեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան գծով բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի: Քննարկուեցան ելեւմտական հարցերու վերաբերող օրինագիծեր, ինչպէս նաեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի քննարկուի կառավարութեան կողմէ եւ վաւերացումի համար փոխանցուի խորհրդարան:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման եւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին դատական իշխանութիւններուն, սահմանադրութեան եւ կարգ մը պետական հաստատութիւններուն վերաբերող օրինական հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES