«Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ Շահերը Արաբներուն Դէմ Են» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կատարեց այցելութիւններ քաղաքական այն ուժերուն, որոնք այցելած էին Կեդրոնական կոմիտէին: Ան նշեց, որ սխալ են այն տպաւորութիւնները, թէ այս այցելութիւնները նախընտրական նպատակներով կատարուած այցելութիւններ են:

Անդրադառնալով երեսփոխան Միշել Մըրին կատարուած այցելութեան` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Մըրին կատարուած առաջին կամ վերջին այցելութիւնը չէ ատիկա եւ տեղեկատուական մարզը սխալ կերպով մեկնաբանած է այդ այցելութեան նպատակը:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ քաղաքական դաշինքին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւն եւ հանգստութիւն կայ այդ իմաստով:

Իսկ Միշել Մըրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ ՀՅԴ-ի միջնորդութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ երկու ղեկավարները իսկապէս կարիքը չունին ՀՅԴ-ի միջնորդութեան:

Ընտրական օրէնքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի խնդրեց զանազանել 1960-ի եւ Տոհայի ընտրական օրէնքներուն միջեւ` շեշտելով, որ Տոհայի մէջ այդ օրէնքը որոշ փոփոխութիւններ կրած է:

ՀՅԴ-ի ընտրանքին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ յարմարագոյնը համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքն է, որ պիտի գործադրուի փոքր ընտրաշրջաններու մէջ:

«Ամէն պարագայի ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու մասին միայն խօսքեր եւ յայտարարութիւններ կան եւ ոչ թէ լրջութիւն կամ աշխատանք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ դէմ է այնպիսի օրէնքի մը, որ կը պատժէ քաղաքական որեւէ կողմ կամ կը ջնջէ զայն: «Մենք համաձայն ենք ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ», ըսաւ ան:

Շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ շրջանին մէջ Թուրքիոյ շահերը արաբներուն դէմ են եւ անոնց հաշուոյն, որովհետեւ Թուրքիոյ երազն ու հիմնական նպատակն է տիրել շրջանին եւ իրականացնել Օսմանեան կայսրութեան երազը:

Ակնարկելով սուրիացի գաղթականներուն Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններ ապաստանելուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ հողերը սուրիական են, հետեւաբար սուրիացիները իրենց հողերուն վրայ կը հանգչին եւ ոչ թէ գաղթականներ են: «Այդ հողերը Ալեքսանտրէթն է, Կիլիկիան, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած է, եւ անհրաժեշտ է այդ հողերը վերադարձնել Սուրիոյ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաստատել, որ Արաբական գարուն»-ը արդիւնաւորուեցաւ սուրիական հողերը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելով», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կապի մէջ է սուրիահայ գաղութին հետ` նշելով, որ Կեդրոնական կոմիտէն կը մերժէ բռնարարքները` ո՛վ ալ ըլլայ զայն գործողը, համաձայն է բարեկարգումները գործադրելու եւ անմիջական կերպով գործադրելու, ինչպէս նաեւ կը մերժէ օտար որեւէ միջամտութիւն:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ 2008-ին, երբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, անկեղծօրէն փոխանցած է նախագահ Ասատին, թէ թուրքերուն կարելի չէ վստահիլ եւ զգուշացուցած զայն Թուրքիոյ կողմէ անսպասելի հարուածէ մը:

Ժալ էլ Տիպի կամուրջին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախկին կամուրջին կազմաքանդումին օրէն իսկ շրջանի բնակչութեան խոստացուած է նոր կամուրջի մը կառուցումը եւ այդ մէկը բնակիչներուն կողմէ արդար պահանջ է, զոր պէտք չէ քաղաքականացնել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES