Շնորհահանդէս` Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատից. Հայերը Եւ Թուրքերը» Գիրքին
Երէկ, «Ազդակ»-ի եւ «Ուրբաթ» ակումբի գործակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատից. հայերը եւ թուրքերը» գիրքի շնորհահանդէս-վաճառքը: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութենէն մինչեւ մեր օրերը պատմական կարեւորագոյն դրուագներ` մասնաւորապէս հայ-թրքական յարաբերութեանց առնչուող:
Ձեռնարկին ընթացքին Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ գիրքը գրելու համար ութ տարի պահանջուած է: «Հայաստանի պատմութիւնը սարսափելի ձեւով կը կեղծուի: Ես կը պատրաստուիմ յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին եւս երեք գիրքով ներկայացնելու Հայաստանի պատմութիւնը: «Խորհրդային Հայաստան» խորագիրով երկու գիրք ալ պիտի ներկայացնեմ, ուր արտացոլուած պիտի ըլլայ Հայաստանի իրական պատկերը», ըսաւ Յակոբեան:
Թաթուլ Յակոբեանի առաջին գիրքը` «Կանաչ ու սեւ. արցախեան օրագիր» խորագիրով, 2008-ին հրատարակուելէ ի վեր ունեցած է հայերէն երեք հրատարակութիւն, ինչպէս նաեւ թարգմանուած է ռուսերէնի, անգլերէնի, արաբերէնի եւ թրքերէնի:


