ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ԵՒ ՓՈՐՁԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Ականներու մասին իրազեկութեան եւ ականազերծման հոլովոյթին օժանդակութեան միջազգային օրուան առիթով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 4 ապրիլին այցելեց Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ճարտարագիտական գումարտակ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2002-ին կնքուած համաձայնագիրով ստեղծուած ականազերծման կեդրոնը, Հայաստանի կառավարութեան 17 փետրուար 2011-ի որոշումով ստացաւ «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան կարգավիճակ:

Իր գոյութեան ընթացքին ականազերծման կեդրոնը իրականացուց աւելի քան 200 հեկտար տարածքի ականազերծում: Կեդրոնին մէջ հեղինակաւոր մասնագէտներու միջոցով կը վերապատրաստուին Հայաստանի զինեալ ուժերու շուրջ 140 զինուորներ, որոնց մէկ մասը մասնակցած են միջազգային առաքելութիւններու:

 

Share this Article
CATEGORIES