ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ` անոր շնորհաւորելով նախագահ վերընտրուելուն առիթով:
Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը փոխանցէ, որ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ հայ-ղազախական կառուցողական գործընկերութեան զարգացման հարցերուն մէջ միացեալ ջանքերը, երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ հաստատուած անձնական վստահելի յարաբերութիւնները ապագային եւս նպաստեն Հայաստանի եւ Ղազախստանի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման:
Ղազախստանի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը երէկ հրապարակեց կիրակի օր տեղի ունեցած արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները, որոնց համաձայն, երկիրը արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր ղեկավարող Նազարպայեւ ստացած է ընտրողներու ձայներուն 95.5 առ հարիւրը: