ՔՈՆԿՈՅԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՋԱԽՋԱԽՈՒԱԾ ՕԴԱՆԱՒԻՆ ՕԴԱՉՈՒՆ ՀԱՅ ԷՐ

ՄԱԿ-ի ջախջախուած օդանաւը

Երէկ յստակացաւ Քոնկոյի մէջ արկածի ենթարկուած ՄԱԿ-ի առաքելութիւն իրականացնող օդանաւին զոհերէն քանի մը հատին ինքնութիւնը: «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, օդանաւին հրամանատարը Վրաստանի քաղաքացի է` ազգութեամբ հայ Ալեքսէյ Յովհաննիսեան:

«Էրզենա-Ճորճիըն էրուէյզ» ընկերութեան պատկանող օդանաւը ջախջախուած է նախանցեալ օր Քինշասայի օդակայանին մէջ եւ անձնակազմին 4 անդամները եւ 29 ուղեւորները զոհուած են: ՄԱԿ-ի տուեալներով, կարելի եղած է մէկ ուղեւոր փրկել:

Իբրեւ ողբերգութեան նախնական պատճառ կը նշուին կլիմայական վատ պայմանները: Օդանաւը վայրէջքի պահուն քանի մը մասի կիսուած է:

ՄԱԿ-ի աշխատակիցները Քոնկոյի մայրաքաղաք կը ժամանէին Քիսանկանի քաղաքէն: Քոնկոյի մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը մեծագոյնն է աշխարհին մէջ եւ ունի 21 հազար աշխատակիցներ:

 

Share this Article
CATEGORIES