ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ասաատ Հարտանի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական խորհուրդի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, երէկ այցելեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ղովմի կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մահմուտ Ապտել Խալեք, կուսակցութեան քաղաքական կեդրոնական խորհուրդի նախագահ, պետական նախարար Ալի Քանսօ, տեղեկատու գրասենեակի նախագահ Հասսան Սաքըր եւ գերագոյն խորհուրդի անդամ Ղասսան Աշքար:
Հանդիպումէն ետք Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են տնտեսական, ընկերային եւ բարգաւաճման թղթածրարներ:
Ըստ հաղորդագրութեան, անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնէ` դիմակայելու համար լիբանանցիներուն սպառնացող տնտեսական եւ ընկերային հարցերը, յատկապէս անոնց առօրեան խանգարող հիմնախնդիրները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը մերժեցին լարուածութիւն եւ գրգռութիւն հրահրող յայտարարութիւններն ու օգտագործուած բառամթերքը, որովհետեւ նման ճառեր կը խախտեն Լիբանանի ազգային կայունութիւնը: «Անհրաժեշտ է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ ստեղծել ապահով միջավայր մը, որ քաղաքացիին ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ բարգաւաճելու եւ յառաջդիմութեան յոյսեր կը ներշնչէ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Քաղաքական երկու կողմերը շեշտեցին նաեւ, որ Լիբանան կարողութիւն ունի շրջանցելու իր հարցերը, եթէ քաղաքական տարբեր կողմերուն մօտ բարի միտումներ ըլլան: Անոնք կարեւոր նկատեցին նաեւ անյապաղ մշակել ընտրական արդի եւ ժողովրդավարական օրէնք մը, որ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մակարդակը կը բարձրացնէ:
Հանդիպումին աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ղովմի կուսակցութիւնը ընդգծեցին իրենց միջեւ պատմական յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ, ինչպէս նաեւ համաձայնեցան փոխադարձ խորհրդակցութիւններն ու կարծիքներու փոխանակումը բաց պահել:

