50 Տարի Առաջ ( 12 ապրիլ 1962 )

ՀՅ Դաշնակցութեան Հանգանակութիւնը

Պոսթըն 29 Հազար Տոլարով
Կը Մասնակցի Ձեռնարկին

«Հայրենիք»-ի մէջ (10 ապրիլ) կը կարդանք.

Կիրակի, 8 ապրիլի 1962, ՀՅԴ Մեծն Պոսթընի հանգանակային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Ուոթըրթաունի Ճունիըր հայ սքուլի սրահին մէջ, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յայտարարուած հանգանակային-հրապարակային ժողովը` ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ, եւ պսակուեցաւ փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքով մը. Համագումար` 29,210 տոլար:

Կը նախագահէր մեր ծերունազարդ եւ վաստակաւոր ընկերը` փրոֆ. Յ. Չագմագճեան եւ կ՛ատենապետէր ընկ. Վ. Ազապլար:

Մեծադիր եռագոյնով պարզօրէն զարդարուած բեմին վրայ, նախագահին կողքին` տեղ գրաւած էին օրուան  ատենախօսները` Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան եւ Սեդրակ Մինաս:

Ատենախօսները ոգեւորիչ կերպով ներկայացուցին ՀՅ Դաշնակցութեան գործը, զայն պայքարի ճակատներուն վրայ վարող գաղափարները եւ ընդգծեցին ապագայ առաքելութիւնը դաշնակցական սերունդներուն, ինչպէս նաեւ` հաւատաւոր հայ զանգուածներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ հրապարակային հանգանակութիւնը, որուն իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը բերին ընկերները, համակիրները եւ բարեկամները` ընդհանուր գումարը բարձրացնելով 29,210 տոլարի:

Հայ օգնութեան միութեան կողմէ ատենապետուհի Սեդա Թէրզեան եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ` ատենապետ Աւագեան, իրենց ուղերձներով ընդգծեցին, թէ իրենց համար բարոյական հիմնական սկզբունք է Դաշնակցութեան գաղափարական ճամբով ծառայել հայ ժողովուրդին:

Հանդէսը վերջ գտաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Պարուշեանի «Հայ ապրինք, եղբա՛րք»-ով:

29.210 տոլարի պատուաբեր այս արդիւնքը երէկուան հանգանակային ժողովին վստահօրէն պիտի աւելնայ տակաւին, որովհետեւ հանգանակութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսուհետեւ. տակաւին առիթ չունեցող մեր համակիրներն ու բարեկամները մինչեւ մայիսի վերջ ժամանակ ունին հանգանակային յանձնախումբին յանձնելու իրենց նուէրները:

Հոգեբաններու Համագումարը

1959-ին Թիֆլիս, 1960-ին Երեւան, իսկ այս տարի Պաքուի մէջ գումարուեցաւ Անդրկովկասի հոգեբաններու երրորդ համագումարը, որուն ընթացքին քննուեցան ընդհանուր հոգեբանութեան եւ հոգեբանութեան պատմութեան 50 հարցեր:

Անգիտակցութեան հարցին շուրջ հետաքրքրական զեկուցումներ կարդացին Մ. Մազմանեան եւ վրացի ակադեմական մը: Աշակերտի տրամաբանական մտածողութեան զարգացման եւ քերականութեան ուսուցման մասին խօսած է Ա. Յակոբեան: Աշխատանքի հոգեբանութեան հարցերուն շուրջ` Մ. Երիցեան եւ Է. Ներսիսեան, իսկ Շ. Սիմոնեան` Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարը, «Հոգեբանական հարցերու գրուածքը եւ անոր խնդիրները Հայաստանի մէջ»:

Միշտ Անհոգութիւն…

Գիւղատնտեսական մեքենաները եւ գործիքները անհոգութեան եւ երբեմն ալ դիտմամբ փճացնողներուն դէմ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները վերջերս ձեռք առին պատժական խիստ միջոցներ (տես «Յառաջ», մարտ 1): Հակառակ ասոր դեռ կը շարունակուին անբարեխիղճ վերաբերումի դէպքերը: Այսպէս, «Սովետական Հայաստան»-ի Սիսիանի շրջանի սեփական թղթակիցը կը գրէ.- Սիսիանի շրջանի Ախլաթեան գիւղի կեդրոնում, բաց երկնքի տակ կանգնած են «թրաքթորներ, քոմփայներ» սիլոսահատ եւ խոտհնձիչ մեքենաներ, կցուող գործիքներ: Մեքենաների մասերը թափուած են ձիւնի ու ցեխի մէջ: Ժանգոտել, շարքից դուրս են եկել երկու շարքացան, գութաններ եւ այլ գործիքներ»:

Տարիներէ ի վեր որոշումներ տրուեր են «մեքենաների համար ծածկեր եւ նորոգման արհեստանոց կառուցելու մտնեն», սակայն` ապարդիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES