Թուրքիոյ Մէջ Կրօնական Ազատութեան Եւ Եկեղեցապատկան Գոյքերու Վերադարձի Շուրջ Բանաձեւ Մը Ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանին
Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան Ամերիկայի գրասենեակը ողջունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշճեանի կողմէ ներկայացուած թիւ 34 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ յարգելու կրօնական ազատութիւնը եւ փոքրամասնութեանց պատկանող կրօնական գոյքերը վերադարձնելու իրենց իրաւատէրերուն:
Աշճեան յայտնեց, որ «կը հաւատամ, որ այս որոշումը երկար երթի մը մէջ կարեւոր քայլ է: Կրօնական հանդուրժողականութիւնն ու ազատութիւնները արդի ընկերութեան հիմնական սիւներն են: Այս որոշումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան կոչ պիտի ուղղէ` վերջ տալու կրօնական խտրականութեան եւ բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքերը վերադարձնելու իրենց իրաւատէրերուն»:
Յունիս 2011-ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուեցաւ նոյնպիսի բանաձեւ մը` թիւ 306-ը: Մէկ ամիս ետք անիկա արտաքին գործոց նախարարութեան լիազօրման օրինագիծին մէջ ներառուելով 43 թեր եւ 1 դէմ քուէներով յանձնախումբին կողմէ վաւերացուեցաւ:
Այդ քուէարկութիւնը ճամբան հարթեց դեկտեմբեր 2011-ին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ընթացքին բանաձեւի որդեգրման:


