«Ղարաբաղի Հարցը Արագ Լուծում Մը Չունի» Կ՛Ըսէ Մաթվիենքօ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ազրպէյճան կը գտնուէր, երկուշաբթի օր յայտնած է, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանները կրնան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նպաստել:
«Պէտք է կապեր, երեք երկիրներէն մտաւորականներու եւ մշակութային դէմքերու միջեւ հանդիպումներ կազմակերպելու վրայ կեդրոնանանք», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «մեր նպատակը վստահութեան մթնոլորտի մը ստեղծումն է: Առանց վստահութեան ամրապնդման, այս հարցին գործնական լուծում մը գտնելը դժուար պիտի ըլլայ»:
Մաթվիենքօ նշած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծում մը գտնելու համար անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը կը թափէ: «Այս հարցը արագ լուծում չունի», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «դիւրին չէ, դժուար է, սակայն մենք բացառապէս այս հարցին նկատմամբ ՄԱԿ-ի որոշումներուն ծիրին մէջ կը գործենք: Միջազգային օրէնքին կը հետեւինք»:
Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահը ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի կարողականութիւնը չէ սպառած, ինչ որ աշխատանքը շարունակելու առիթ կ՛ընծայէ: «Ռուսիա փոխադարձ ընդունելի լուծում մը գտնելու միջնորդի աշխուժ դեր կատարած է եւ պիտի կատարէ: Երկու կողմերուն բարի կամեցողութեան եւ խաղաղ լուծումի մը փնտռտուքին կարիքը կայ», նշած է ան:


