Ճատրակ. Ֆիլատելֆիոյ Միջազգային Մրցաշարք. Վարուժան Յակոբեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Ամերիկահայ կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆիլատելֆիոյ (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ: Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած Մակեշ Փանչանաթանէն (Հնդկաստան):
CATEGORIES Մարզական


