Հաշեմ Հայտար Այցելեց Նախարար Ֆայսալ Քարամէի
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար երէկ` երեքշաբթի, 10 ապրիլին այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:
Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի:
Այս հանդիպումին արծարծուեցան լիբանանեան ֆութպոլի մարզը յուզող հարցեր:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նպաստելու հարցին, մանաւանդ որ անիկա այժմ քայլ մը միայն հեռու է պատմական իրագործում մը կատարելէ` 2014-ի Մոնտիալի տոմս մը ապահովելու իմաստով:
Շեշտուեցաւ, որ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն` նիւթական թէ բարոյական, պէտք է դիմել Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին զօրակցելու համար, որովհետեւ ի վերջոյ ատիկա կը նկատուի ազգային պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն:
Քարամէ – Հայտար – Խիամի եռեակը հանդիպումին աւարտին շեշտեց այն կէտը, որ այս հանդիպումները դարձեալ պէտք է կրկնել` ի շահ երկրին, մէկդի դնելով ամէն տեսակի անձնական հաշիւներ:


