Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները կը սկսին այսօր` չորեքշաբթի, 11 ապրիլին, Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումով: Այս առաջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին վրայ, Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը եւ կը ճակատի Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ մրցումին յաղթականին դէմ: Այս երկուքին միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

 

Share this Article
CATEGORIES