Փորակազ – Փորափքանք. FLATULENCE – FLATUSE

Փորակազը (flatulence) կազերու կուտակումն է աղիքներու մէջ: Կազերու կուտակումով կ՛ընդլայնի հաստ աղիքը եւ կը պատճառէ կծկումային (cramp) փորի ցաւ:

Փորափքանքը կամ փորափուքը (flatus) կազերու արտահանումն է նախաղիէն (rectum) եւ սրբանէն (anus): Ամէն մարդ բնականաբար կ՛ունենայ օրական 10-14 փորափքանք:

Փորափքանքը զատորոշուելու է որովայնափուքէն (borborigma): Այս մէկը փորակազի շարժման ձայներն են աղիքներու մէջ: Որովայնափուքը լսելի կ՛ըլլայ թէ՛ ենթակային կողմէ եւ թէ՛ անոր շուրջ գտնուողներուն կողմէ:

Բնաթելը (fiber) հիմնական պատճառն է փորակազին, եւ որովհետեւ բնաթելը կարեւոր մասնիկն է առողջապահական սննդանիւթերու, հետեւաբար փորափքանքը շատերու կողմէ կը նկատուի առողջութեան նշան:

Փորակազը հետեւանքն է ընդհանրապէս ոչ ամբողջական մարսողութեան:

Փորակազը կը գոյանայ հաստ աղիքի մէջ, ուր կը գտնուին  շարունակաբար եւ բնականօրէն կարգ մը ցպկամարմիններ (bacteria): Այս մանրէներուն ներգործութեամբ նիւթափոխանակում (metabolism) տեղի կ՛ունենայ հաստ աղիք հասած չմարսուած սննդանիւթերու հետ եւ կ՛արտադրուի փորակազը, որ կազմուած է հետեւեալ կազերէ`

1. Ջրածին (H2):
2. Յագեցած ածխաջրածին (methane-CH4):
3. Բնածուխի երկթթուիտ (CO2):

Ջրածինը կը յառաջանայ առաւելաբար սպառելով բազմաածխաջրատներ-շաքարներ (polysaccharides) եւ քիչ քանակութեամբ կարգ մը պտուղներէ եւ կանանչեղէններէ: Բազմաշաքարներով հարուստ են հետեւեալ սննդեղէնները` բակլան, ոսպը, շողգամը, բողկը, անուշ գետնախնձորը, ցորենը, թթխմորը, կաղամբը, սոխը, սխտորը, գետնախնձորը, հացը եւ ծաղկակաղամբը:

Ջրածինը կը յառաջանայ նաեւ այն անհատներու մօտ, որոնք կաթի եւ կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունին Lactase խմորիչին (enzyme) չգոյութեան պատճառով:

Ամբողջութեամբ չմարսուած հացահատիկներ, որոնք հարուստ են ածխաջրատներով (carbohydrates), հաստ աղիքի ցպկամարմիններուն հանդիպելով` կ՛ենթարկուին նիւթափոխանակումի, որուն պատճառով կը յառաջանայ ջրածինը:

Յագեցած ածխաջրածինը անգոյն կազ մըն է. անիկա կը յառաջանայ բնաթել պարունակող կարգ մը սննդեղէններէն եւ աղիքներու պատերէն:

Բնածուխի երկթթուիկը կը յառաջանայ ճարպերու եւ ցպկամարմիններու նիւթափոխանակումէն: Կազով հարուստ զովացուցիչ սպառող անձեր շատ աւելի բնածուխի երկթթուիկ կ՛ունենան իրենց հաստ աղիքին մէջ:

Փորակազը կը յառաջանայ նաեւ կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով, օրինակի համար`

1. Celiac հիւանդութիւն

Այս հիւանդութիւնը ժառանգական ախտ մըն է, կը յատկանշուի glutein-ի  անհանդուրժողականութեամբ, որուն պատճառով կը յառաջանայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութիւն-ներծծում (malabsorbtion), փորհարութիւն, փորակազ եւ փորի ցաւ:

2. Tropical Sprue հիւանդութիւն

Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի աղիքներու ցպկամարմիններու բորբոքումով, որ պատճառ կը դառնայ սննդանիւթերու յոռի մարսողութեան-ներծծման, փորակազի արտադրութեան եւ արեան կարմիր գնդիկներու նուազումին:

3. Ջղագրգիռ աղիք հիւանդութիւն (irritable colon)

Այս հիւանդութեան պարագային այլ ախտանշաններու կողքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ փորակազ:

Կարգ մը դեղեր նոյնպէս կը յառաջացնեն փորակազ:

Ուրեմն վերոյիշեալ կազերը կը կազմեն փորակազը: Անիկա նախաղի կը հասնի հաստ աղիքի շարունակական կծկումներով եւ շարժումներով, այնպէս` ինչպէս կղկղանքը կը հասնի: Վերոյիշեալ կազերու անցքը սրբանի օղակային սեղմիչ մկաններու (constricting muscles) ընդմէջէն կ՛արտադրէ փորափքանքի յատուկ ձայնը: Փրափքանքի ձայնին զօրութիւնը կախեալ է սրբանի սեղմիչ մկաններուն պրկումի տարողութենէն եւ կազերու շարժումներու արագութենէն:

Երբ փորակազը հասնի նախաղի, անհատը աճապարանքի (urgency) եւ անհանգստութեան զգացում մը կ՛ունենայ: Ան ունի անհաճոյ հոտ մը:

Փորափքանքը կրնայ ըլլալ կամովին եւ կամ ակամայ:

Ակամայ (involuntary) փորափքանքը կը պատահի  անակնկալօրէն` հազալով, փռնգտալով եւ սեռային յարաբերութեան ընթացքին:

Կամովի (voluntary) փորափքանքը կը պատահի պրկելով նախաղին եւ ճնշելով ստամոքսին վրայ: Անիկա աւելի յաճախ կը պատահի ջղագրգիռ անհատներու մօտ:

Շատ մը անհատներ կրնան զսպել իրենք զիրենք եւ արգելք հանդիսանալ փորափքանքի: Կան երկիրներ, ուր փորափքանքը ընկերութեան մէջ նկատուած է առողջութեան արդիւնք կամ արտայայտութիւն եւ անիկա ընդունուած սովորութիւն մը դարձած է: Մարդիկ փորափքանք ունեցողին կ՛ըսեն` անուշ ըլլայ եւ կամ առողջութիւն:

Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ փորակազի եւ փորափքանքի: Ո՛չ ամբողջապէս:

Սակայն կարելի է նուազագոյնի իջեցնել փորակազի արտադրութիւնը եւ փորափքանքի յաճախականութիւնը` հետեւեալ միջոցառումներով.

1. Հետեւիլ յատուկ սննդականոնի, մասնաւորաբար` շատ ածխաջրատներ պարունակող սննդանիւթեր չսպառել:
2. Ուտել արատ կանանչեղէններ:
3. Կաթ եւ կաթնաշաքար պարունակող սննդեղէններ չսպառել Lactaze խմորիչին անբաւարարութեան պարագային:
4. Տեսակաւոր եւ հարուստ կերակուրներ չուտել:
5. Միս քիչ ուտել:
6. Դանդաղօրէն ուտել եւ լաւ ծամել:
7. Կարգ մը համեմներ գործածել կերակուրներու պատրաստութեան ընթացքին: Այս համեմներէն կարելի է յիշել հետեւեալները` գինձը (coriander) եւ քեմոնը (caraway):
8. Գործածել որոշ դեղեր:
9. Կերակուրին հետ առնել կիտրոն կամ քացախ:

Հոս տեղին է յիշել, որ բրինձը կազ չ՛արտադրեր:

Չափազանց փորակազ եւ փորափքանք ունեցող անհատը բժիշկին դիմելու է, երբ անոնց կ՛ուղեկցին նաեւ հետեւեալ ախտանշանները` փորի ցաւ, կղկղանցումի փոփոխութիւն, փորհարութիւն, արիւնոտ կղկղանք, ջերմ, նողկանք, փսխունք եւ փորի արտառոց փքուածութիւն:

Պատրաստեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 22 փետրուար 2012

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES