Նախ Աչքիդ Մէջ Գտնուող Գերանի՛ն Նայէ

ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Դատելու եւ դատուելու եղանակները մարդկային, ընկերային եւ փոխյարաբերական կեանքիդ գլխաւորագոյն եւ առաջնահերթ արարքները կը նկատուին: Կը դատես, երբ կը տեսնես սխալ արարք մը կամ անուղղայ ընթացք մը` ըլլայ անիկա քու կամ ուրիշին դէմ կատարուած: Կը դատես` ի խնդիր ճշմարտութեան յայտնաբերման եւ արդարութեան հաստատման: Ո՛չ մէկ խօսք ու առարկութիւն այս ուղղութեամբ: Սակայն կը դատուիս այն ատեն, երբ դուն նման պարագայի կամ մեղսակցութեան մէջ կը գտնուիս, բայց` մէկ տարբերութեամբ. չես ընդունիր ուրիշներու կողմէ քեզի ուղղուած դատապարտութիւնը, պարզապէս անոր համար, որ յանձնապաստան արարածդ կ՛ուզես կատարեալ ներկայանալ շրջապատիդ եւ այդպէս ալ ճանչցուիլ ու ընդունուիլ բոլոր բարեկամներուդ կողմէ:

Սակաւաթիւ են այն մարդիկը, որոնց դատողութիւնը անկեղծ է ու նկատառութիւնը` շինիչ: Դատողութիւն մը, որ սխալ մը շրջանցելու կամ իր անձին վրայէն յանցանք մը թօթափելու համար չէ, որ կը կատարուի, այլ` յօգուտ ընկերութեան:

Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին վրայ ապրող մարդը կը դատէ իր նմանակիցը անոր դէմքի արտայայտութեամբ, կը ձաղկէ իր եղբայրը անոր թլուատ ու կակազ ըլլալուն պատճառով, կը քամահրէ անոր ընկերը չքաւորութեան կամ անոր խեղճուկ հագուածքին համար, կը նսեմացնէ բարեկամը անոր ապրած համեստ բնակավայրին պատճառով: Բայց եւ այնպէս կը մեծարէ այն մարդիկը, որոնք հարուստ են եւ իրեն շահոյթի ճամբաներ կ՛ապահովեն, կը բարձրացնէ այն տխեղծները, որոնք իր համբաւը կը տարածեն, կը կոկոզաբանէ այն կեղծպարիշտ մարդիկը,  որոնք ճարտարութեամբ իր յանցանքները կը ծածկեն, կը մեծաբանէ այն դատարկապորտերը, որոնք սնափառութեամբ բարութիւն կը վաստկին:

Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ իսկ դատողութիւնը նկատուած է որպէս հրամայական եղանակով արտաբերուած խօսք մը, որ բացորոշ կերպով կ՛արգիլէ ուրիշը դատելը. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք, Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք, նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ. 7.1-2): Աստուծոյ տուած հրահանգները եւ օրէնքները քու կեանքդ արգելակելու կամ սահմանափակելու համար տրուած չեն երբեք: Ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ «ուրիշը չդատել»-ու պատուէրը կամ ուրիշին յանցանքը մատնացուցելը շատ աւելի մեծ յանցագործութիւն մը նկատուած է, մահուան պատիժի ենթարկուելու աստիճան: Այսպիսի վարկածներու կամ շփոթութեանց չմատնուելու համար, Յիսուս իր խօսքը ուղղելով կեղծաւոր փարիսեցիներուն, կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար, թէ աչքիդ մէջ գերան կայ: Կամ` ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՛ըսես. «Ձգէ՛, որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ» (Մտ. 7.3-4): Կոյր մարդոց է, որ կ՛ուղղէ Քրիստոս իր խօսքը, որպէսզի նախ իրենք ինքնահայեցողութեամբ, ինքնադատողութեամբ քննեն իրենք զիրենք եւ ապա իրենց եղբօր յանցանքները դատեն: Բժիշկը պէտք է նախ ինքզինք քննէ, եւ ապա` իր հիւանդը: «Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել» (Մտ. 7.5): Աչք ունեցողը թող տեսնէ՛…

Եսապաշտութեան եւ ինքնահաւանութեան մոլուցքէն դրդուած` «բանգէտ» մարդիկ Քրիստոսի ժամանակաշրջանի քծնող փարիսեցիներէն ո՛չ աւելի ու նուազ հանգամանք կամ արժէք մը կը ներկայացնեն: Գոռոզութեան, հպարտութեան ու ամբարտաւանութեան ա՛խտն է, որ անոնց համակ մտայնութիւնն ու հոգին շրջապատած է սին խաբկանքներով եւ գձուձ հաշուարկներով: Նմանօրինակ մարդոց թիւը փոխանակ նուազելու` հետզհետէ սկսած է աճ արձանագրել ու անուղղակիօրէն վարակիչ ախտ մը դառնալ տակաւին աշխարհը նոր ճանչցող նորափթիթ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կենսընթացին մէջ: Բարոյականութեան հիմունքներով ու արժէքներով իր կեանքը դրսեւորած տիպար անձը նախ ինքզինք կը սրբագրէ եւ ա՛պա` իր նմանակիցը: Նախ իր աչքին մէջի գտնուող գերանը կը փորձէ արմատախիլ ընել, եւ ապա իր եղբօր աչքին շիւղը ցոյց կու տայ: Պօղոս առաքեալ հրամայական ու դիմառնական ոճով հարց կու տայ, թէ ո՛վ է այն անձը, որ կը յանդգնի իր եղբայրը կամ ընկերը դատել. «Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես: Տէրը ի՛նք միայն գիտէ` իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ՞ ինկած: Բայց վստահ եղէք, որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէ՛րը կրնայ զայն կանգուն պահել» (Հռ. 14.4):

«Ուրիշը չդատել»-ու պատուէրը թիւր ու քմահաճ մեկնաբանութեանց  պատճառով երբեմն սխալ ըմբռնուած ու ընկալուած է կարգ մը հաւատացեալներու կամ այսպէս ըսած` «պարզամիտ» խաւին կողմէ: Վերոյիշեալ հրահանգ-պատուէրը քեզ ինքնամլացած կամ ինքնակղզիացած վիճակի մէջ պէտք չէ որ թողու: Պօղոս առաքեալ կարծես թէ կու գայ աւելի եւս մեզ լուսաբանելու` հարցադրելով բայց միաժամանակ պարզաբանելով, թէ իբրեւ քրիստոնեայ` պարտաւոր ենք օգտակար դառնալու մեր հաւատակիցին` եղբօր, մեր շինիչ թելադրանքներով ու խոհուն դատողութեամբ. «… ի՞նչպէս կ՛ըլլայ, որ չնչին դատ մը իսկ չէք կրնար տեսնել…: Ձեր մէջ չկա՞յ իմաստուն մը, որ կարենայ ձեր միջեւ ծագած խնդիրները վճռել, որ քրիստոնեայ եղբայր մը իր հաւատակից եղբայրը դատի կը քաշէ, այն ալ` անհաւատներուն առջեւ» (Ա.Կր. 6.2, 5-6): Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ իր ընկերոջ կոտտացող ցաւը լռելեայն կը մեղմէ ու կը փորձէ լուծումներ գտնել անոր վիճակը բարելաւելու համար եւ կամ փոխհասկացողութեամբ կը լուծէ իր եւ իր բարեկամին միջեւ գոյացած դատը:

Կան տակաւին այնպիսիք, որոնք թշնամի չշահելու եւ ուրիշներու հետ իրենց կեղծ ու «սիրալիր» յարաբերութիւնը պահելու համար  կը նախընտրեն լուռ մնալ` ի տես անարդարութեանց, կեղեքումներու եւ այլ բազմադիմի յոռի երեւոյթներու: Ոմանք ալ կարծելով թէ իրե՛նք են ամենագէտն ու ամենաուղիղը, ո՛չ մէկ դատողութիւն կամ գէթ խօսք մը կ՛ընդունին` իրենց հասցէին ուղղուած: Ուրիշներ ալ իրենց չվերաբերող դատին մասնակցութիւն կը բերեն պարզապէս կարծիք մը փոխանակելու կամ բան մը խօսելու սիրոյն: Այդպիսի «կեանքի մնայուն դատաւորներ»-ը անպակաս են մեր կեանքին մէջ: Դատէ՛, բայց անկողմնակալ դիրքորոշումով եւ անխարդախ կշռադատումով արժեչափէ երեւոյթները` ի խնդիր արդարամտութեան: Զգուշացո՛ւր, սակայն դուն ալ համանման յանցանքի մէջ ինկած մի՛ ըլլար: Կեղծամտութիւնը քեզ կրնայ ժամանակաւորապէս երեւելի դարձնել, սակայն ճշմարտութեան չ՛առաջնորդեր:

Քրիստոսահաստատ ու աստուածահիմն Եկեղեցին, որ երկրին վրայ ներկայացուցիչն է Քրիստոսի, կը փորձէ հօտել իրեն վստահուած Քրիստոսի  փարախը: Ուստի, Եկեղեցւոյ հայրեր փորձած են իրենց ուսուցումներով եւ վարդապետութեամբ ուղղել հաւատացեալները` զանոնք զերծ պահելով խաբուսիկ երեւոյթներէ ու արատաւոր ախտաճանաչումներէ: Սարգիս վրդ. Շնորհալի աստուածամերձ սուրբը, տեսնելով իր շրջապատի մարդոց իրերամերժ վարուելակերպը, կը յորդորէ` ըսելով. «Անողորմաբար ոեւէ մէկը մի՛ դատեր, նոյնիսկ եթէ ըսածդ իրաւացի ըլլայ: Որովհետեւ եթէ մէկը վիրաւոր է ու մեղաւոր, անիկա քու ողորմութեանդ ու արցունքիդ պէտքը ունի, եւ ոչ թէ` դատապարտութեանդ: Պէտք է այդպիսիին կարեկից ու ցաւակից ըլլաս, եւ ոչ թէ` բամբասես: Իսկ եթէ արդար ու անարատ մէկը դատես, առաւե՛լ եւս պէտք է վախնաս ու դողաս, որովհետեւ անիկա դատաստանէ ու բամբասանքէ ազատ է: Մինչդեռ դուն քու նախանձիդ ու չարամտութեանդ պատճառով կը դատես զայն` իբրեւ յանցաւորի եւ շատերու ներկայութեան կը բամբասես զայն` որպէս մեղաւորի: Այսպիսով կը փորձես կեղտ անուն դնել անոր բարի անունին վրայ: Ահա ա՛յս պատճառով Տէրը ինք անձամբ քեզ պիտի դատէ: Փարիսեցին, որ ինքզինք մաքուր կը համարէր, մինչ մաքսաւորը` մեղաւոր, Տէրը մաքսաւորը արդարացուց` անոր խոնարհութեան համար, իսկ փարիսեցին դատապարտեց իր նմանը դատելուն համար»: Ականջ ունեցողը թող լսէ՛:

Սիրելի՛ ընթերցող, ուրիշը դատելու սովորոյթը ի բնէ քու մէջդ դրուած է: Այնքան ատեն որ կ՛ապրիս, պիտի դատես եւ դատաստան կատարես թէ՛ քու անձիդ, թէ՛ քու արարքներուդ եւ թէ՛ շուրջդ եղած դիպուածներուն կապակցաբար: Փարիսեցիական դատողութիւնը կե՛ղծ ու ձեւակա՛ն դատողութիւն է, որ ընդունելի չէ Աստուծոյ կողմէ: Բարոյականութեան ուսուցիչը` Քրիստոս, ի՛նք եղաւ ճշմարիտ դատաւորը, որովհետեւ ճշմարտութեան մարմնացումն իսկ էր: «Արդարին բերնէն իմաստութիւն կը բխի, անոր լեզուն կը խօսի` ինչ որ արդարացի է» (Սղ. 37.30): Եթէ արդար դատողութիւն կ՛ուզես ընել, նախ քու աչքիդ գերանին նայէ եւ ապա` նմանակիցիդ աչքի շիւղին…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES