ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ զինք կաշկանդել որոշ ժամկէտով մը, որովհետեւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը նման ժամկէտով մը չի սահմանափակեր կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուութիւնը: Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Իթթիհատ» օրաթերթին հաստատեցին, որ այս շաբթուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ վերջնականացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նկատմամբ նոր նախաձեռնութիւն մը առաջադրուած է: Այդ մասին շրջան ընող լուրերը շեշտեցին, որ մթնոլորտը դրական է:

ԸՍՏ «Ուիքիլիքս»ի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ 4 ապրիլ 2008-ին Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան յղած է հեռագիր մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած է այն իրականութեան գծով, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ շուրջ 15 հազար զինեալ հաշուող սիւննի միլիս մը կը մարզէ: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ 9 մայիս 2008-ին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Սիսընին յայտնած է, որ ինք ունի 10 հազար զինեալներ, որոնք պատրաստ են Հըզպալլայի դէմ կռուելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ուշացումին պատասխանատու է վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն զգուշանալու Լիբանան այցելելէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր պաշտօնէն պիտի չհրաժարի:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմի մը պատկերացումը շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ մթնոլորտը բաւական դրական է:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Սին էլ Ֆիլի մէջ Իսրայէլի հետ գործակցելու յանցանքով ձերբակալած է լիբանանցի քաղաքացի մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան հաւասարակշռութիւնն է, որ կը պատճառէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ուշացումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սկզբնական համաձայնութիւն մը գոյացած է Զիատ Պարուտը ներքին գործոց նախարար չնշանակելու առումով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները կը յայտնեն անոր զարմանքը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումին համար:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ձերբակալեցին 50 յանցագործներ, որոնք տարբեր յանցանքներ գործած էին, ինչպէս` աւազակութիւն, թմրեցուցիչի գործածութիւն, դրամի լուացում, բռնաբարութիւն եւ այլն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան աշխատանքի նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ոչ ոքի պիտի զիջի ներքին գործոց նախարարութիւնը: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ անոր դաշնակիցները կը փափաքին նշանակեալ վարչապետը վերածել իրենց պաշտօնեային: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլա իր ապահովութիւնը աւելի առաջնահերթ կը նկատէ, քան` լիբանանցիներուն եւ բանակին ապահովութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառչած կը մնայ հինգ նախարարներ ունենալու իր պահանջին, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Զիատ Պարուտը` իբրեւ ներքին գործոց նախարար:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը հասկնան բանտարկեալներուն պահանջները` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի արմատական լուծում մը` ներքին գործոց նախարար Զիատ Պարուտի նախաձեռնութեամբ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր վերջին հանդիպումին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա խոստացած է զօր. Միշել Աունի մօտ միջամտել եւ Միքաթիի պարտականութիւնը դիւրացնել` կառավարութեան կազմութեան առումով:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, վարչապետ Միքաթի շաբաթ օր Տար էլ Ֆաթուային մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին շեշտած է, թէ ինք ոչ մէկ ճնշումի պիտի ենթարկուի եւ կառավարութիւնը ոչ մէկուն իշխանութեան կամ հրահանգին տակ պիտի զետեղէ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու լիբանանեան բանակը ճիգ չեն խնայեր հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն համար ապահով միջավայր մը ստեղծելու գծով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ իսրայէլացիները Լիբանանի կամ Կազայի դէմ նոր պատերազմ մը չեն կրնար սանձազերծել, որովհետեւ իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորող ամրոցը` Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգը տապալած է:

«ՍԱՈՒԹ ՄԱՏԱ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, այս շաբաթ ամէն բան պիտի յստականայ` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սակրաւորները երէկ վնասազերծեցին ձեռնառումբ մը, որ գտնուած էր Շուէյֆաթի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES