ՀԱՐԻՐԻ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ
Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան Հարիրիի խորհրդականներէն Նատեր Հարիրի եւ Հանի Համմուտ:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գտնուող լիբանանցիներուն ապահովութեան նպատակով Ֆրանսայի ի գործ դրած ջանքերը:
Փիեթոն յայտնեց, որ 650 լիբանանցիներ կը գտնուին ֆրանսական ուժերուն հսկողութեան տակ: Ան աւելցուց, որ երէկ ոչ ոք կրցած է Ապիճանի օդակայանը հասնիլ:
Փիեթոն շեշտեց, որ Ապիճանի մէջ դէպքերը շատ արագ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ լաւագոյն ձեւը կը մնայ շատ չտեղափոխուիլը: