ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ
Ամերիկեան վարչակազմը հերքեց ամերիկեան «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ» օրաթերթին այն լուրերը, թէ լիբանանեան բանակին վերաբերող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները սառեցուած են:
«Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ»ի համաձայն, Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարումէն ետք, Միացեալ Նահանգներ գաղտնօրէն կասեցուցած են լիբանանեան բանակին զինումը, որովհետեւ անոնք մտահոգուած են, որ Հըզպալլա կրնայ իշխել ամբողջ բանակին: Նոյն օրաթերթը ընդգծեց, որ այդ որոշումը տրուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյցի կողմէ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան վարչակազմի յատուկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ լիբանանեան բանակի զինման միտող օժանդակութիւնները վերջ չեն գտած` աւելցնելով, որ իրենց համար կարեւոր է Լիբանանի ապահովութիւնը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:

