Ազրպէյճան 2013-2015-Ին Երեք Արբանեակ Տիեզերք Պիտի Արձակէ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար Ալի Ապասով յայտնած է, որ Ազրպէյճան 2013, 2014 եւ 2015 տարիներուն երեք արբանեակ տիեզերք պիտի արձակէ:
Սարքերը կարելիութիւն պիտի ունենան ծածկելու Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածքներուն մէկ մասը: Ազրպէյճան արբանեակի կարելիութիւններու միայն 20-25 առ հարիւրը պիտի օգտագործէ, իսկ մնացեալ մասը պիտի վաճառէ: Ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան նաեւ այդ ուղղութեամբ: Մալեզիա արդէն արբանեակի 40 առ հարիւրը օգտագործելու մասին դիմում ներկայացուցած է:
Այժմ կը շարունակուին կառուցման աշխատանքները թռիչքներու կառավարման հիմնական եւ պահուստային կեդրոններուն, որոնք տեղակայուած պիտի ըլլան Պաքուի եւ Նախիջեւանի մէջ:
Աշխատանքները մինչեւ սեպտեմբեր 2012 աւարտած պիտի ըլլան:
CATEGORIES Միջազգային

