Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր չորս հոգի ամբաստանեց Լիբանանէն Սուրիա զէնք մաքսանենգելու յանցանքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ այցելեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի: Հրաժեշտի բնոյթ ունեցող այդ այցելութեան աւարտին Փիեթոն շեշտեց, որ ինք կը մաղթէ, որ Լիբանան միացեալ մնայ եւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պատասխանատուութեամբ շարունակեն իրենց աշխատանքները:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, երկու զինուորներ լիբանանեան բանակէն փախուստ տուած են եւ միացած Սուրիական ազատ բանակի շարքերուն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 22 ապրիլէն 22 մայիս հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Քանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Մեքսիքա:
ՎԱՏԻԿԱՆԻ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնած են, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին եւ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին կեցուածքները նոյնն են` «Արաբական գարնան» վերաբերեալ:

