Լիբանանեան Բանակը Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանան – Սուրիա սահմանի Շահիրա անցքին մօտ երկուշաբթի օր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան հարցին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը իսկոյն հետաքննութիւն բացած է այդ առումով` նշելով, որ հետաքննութեան շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ սուրիական կողմին հետ հաղորդակցութեան միջոցներ հաստատելու նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ միջադէպին դրդապատճառները քողազերծել եւ պատասխանատուութիւնը ճշդել` կանխարգիլելու համար նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Բանակի հրամանատարութիւնը խոր ցաւով գուժեց Ալի Շաապանի մահը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին:

«Լիբանանի մէջ մամլոյ ազատութիւնը յարգելու սկզբունքին զուգահեռ, բանակի հրամանատարութիւնը բոլոր լրագրողներէն կը խնդրէ սահմանային շրջաններուն մէջ աշխատանք կատարելու պարագային նախապէս համադրում կատարել բանակին հետ եւ հետեւիլ անոր ցուցմունքներուն, որպէսզի բանակը նաեւ անոնց ապահովութեան պահպանումին երաշխիքը ըլլայ», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES