Մաարապի Մէջ Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերու Արտակարգ Եւ Ընդարձակ Նիստ

Մարտ 14-ի ուժերու նիստէն պահ մը

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ ընդարձակ եւ արտակարգ նիստ մը գումարեցին Մաարապի մէջ` առ ի զօրակցութիւն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն դէմ վերջերս գործուած էր մահափորձ մը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը այս ընդարձակ նիստը Ժահժահի բնակարանին մէջ գումարելով հաստատեցին անոր նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը:

Նշեալ ուժերը իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան հարցը:

Ժահժահ արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են իրեն: Ան նշեց, որ իր դէմ գործուած մահափորձին մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները արդէն իսկ սկսած են բացայայտուիլ` աւելցնելով սակայն, որ այդ մասին ինք ոչինչ կրնայ յայտարարել:

Իր կարգին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան գործավար, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ յայտնեց, որ Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձին նպատակն է ըսել, թէ ազատ քրիստոնեայ ղեկավար մը իսլամականներու հետ չի կրնար դաշնակցիլ:

«Ժահժահի դէմ գործուած մահափորձը անկիւնադարձային պէտք է ըլլայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ քաղաքական կեցուածքները փոփոխութեան ենթարկել», ըսաւ Սուէյտ:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեցին ապահովական խախտումին:

Երէկուան նիստին ակներեւ էր Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի բացակայութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES