Վարչապետ Միքաթի. «Բրիտանիա Պատրաստ Է Լիբանանեան Բանակին Զէնք Եւ Զինամթերք Տրամադրելու»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սաֆիր»-ին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Բրիտանիա պատրաստ է լիբանանեան բանակին զէնք ու զինամթերք տրամադրելու:

Ան նշեց, որ ինք այս շաբթուան ընթացքին պիտի վերադառնայ Լիբանան` քննարկելու համար առկախ մնացած թղթածրարները եւ պատրաստուելու համար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Լիագումար նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի լսէ երեսփոխաններուն  մտահոգութիւնները եւ պիտի տայ այդ մասին իր պատասխանները, իսկ մնացեալը լիբանանեան հանրային կարծիքին դատողութեան պիտի վստահի:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին կարելի ըլլայ նշանակումներ կատարել:

Անդրադառնալով Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Միքաթի շեշտեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է երկրին ներքին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Բրիտանիա հասկացողութիւն ցուցաբերած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած ինքզինք զանց կացուցելու կեցուածքին առնչութեամբ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ Սուրիոյ տագնապէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնն է, որ պաշտպանած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES