Պըրրի. «Ամալ Շարժումը Կը Զօրակցի Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրինագիծի Մը, Որ Կը Գործադրուի Լիբանանը Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածելով»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ամալ շարժումը համաձայն է ընտրական այն օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանի մէջ կը գործադրուի ամբողջ երկիրը մէկ ընտրաշրջանի վերածելով:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ եւ ոչ միայն օրէնքներ ու ծրագիրներ մշակէ` առանց զանոնք գործադրելու:
Պըրրի հարց տուաւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, որ 1948-էն ի վեր արդեօք բաւարար չէ՞ միայն մէկ թշնամի ունենալ: «Հետեւաբար ինչո՞ւ կը փորձէք նաեւ հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն մօտ թշնամի փնտռել», հարց տուաւ Պըրրի:
Ակնարկելով Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք դիրք բռնելու քաղաքականութեան` Պըրրի շեշտեց, որ այդ քաղաքականութենէն օգտուած են ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ իշխանամէտները:
Պըրրի յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ ծովային սահմանագծում կատարել եւ քարիւղի պեղումներուն սկսիլ:
Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Ալի Քանսոյի:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


