Նախագահ Սլէյման Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ալի Շաապանի Սպանութեան Հարցը

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Ալի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան հարցը եւ այդ մասին բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որմէ իմացաւ նախարարութեան տարած աշխատանքները` բարելաւելու համար հաղորդակցութեան մարզին ծառայութիւնները եւ զարգացնելու համար անոր աշխատանքը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս անոր ներկայացուած պահանջներուն առումով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց 8900 միլիառ լ. ոսկիի գումարին մասին ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին առաջարկած բարեփոխումները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Հաննա եւ ոստիկանապետ հրամանատար զօր. Սալահ Ժըպրան, որ նախագահին հետ քննարկեց ոստիկաններուն կարիքները:

Share this Article
CATEGORIES