Նախագահ Սահակեան Կը Պատրաստուի Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել Նախագահական Ընտրութիւններուն
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 ապրիլին այցելեց Ասկերանի շրջան եւ մասնակցեցաւ Իւանեան գիւղի մօտակայքը կազմակերպուած ծառատնկումին:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան ուղեւորուեցաւ Մարտակերտի շրջանային կեդրոն եւ մասնակցեցաւ շրջանային վարչակազմի ընդլայնուած նիստին` նուիրուած 2011 թուականին շրջանին մէջ իրականացուած աշխատանքներուն:
Զեկուցումներ տուին շրջանային վարչակազմի ղեկավար Լեւոն Չալեան, համայնքներու, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարները եւ այլ պատասխանատուներ:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ առանձնակի ուշադրութիւն կը յատկացուի Մարտակերտի զարգացման` հաշուի առնելով անոր հսկայական ներուժը: Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ նախատեսուած շարք մը ռազմավարական ծրագիրներու իրականացումը նոր որակ պիտի հաղորդէ Մարտակերտի, ինչպէս նաեւ ամբողջ հանրապետութեան յառաջընթացին: Նախագահ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուաւ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին նախագահը պատասխանեց ներկաները յուզող հարցումներուն, որոնց շարքին` յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցութեան վերաբերող հարցումին:
Բակօ Սահակեան նշեց, որ կը պատրաստուի առաջադրել իր թեկնածութիւնը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար երկրորդ ժամկէտով` ինքնառաջադրման կարգով, քանի որ որեւէ կուսակցութեան անդամ չի հանդիսանար: Իր այս որոշումը նախագահը բացատրեց այն հանգամանքով, որ պատասխանատուութիւն կը զգայ աւարտին հասցնելու այն բոլոր ծրագիրները, զորս սկսած է իր պաշտօնավարման այս հինգ տարիներուն ընթացքին: Նախագահ Սահակեան չափազանց կարեւոր նկատեց ժողովուրդին` իբրեւ իշխանութեան գերագոյն կրողի վստահութիւնը եւ ընդգծեց, որ միայն այսպիսի վստահութեան շնորհիւ կարելի է լուծել Արցախի առջեւ դրուած հրատապ խնդիրները եւ իրականացնել Արցախի վերակառուցման ուղղուած բոլոր ծրագիրները:


