Ծերակուտական Պրաուն Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններու Կրօնական Սեփականութեան Պաշտպանութեան Օրինագիծ Մը Ներկայացուցած Է

Ծերակուտական Սքոթ Պրաուն

Ծերակուտական Սքոթ Պրաուն անցեալ ամիս Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու կրօնական սեփականութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ օրինագիծ մը ներկայացուցած է ծերակոյտին: Ատիկա հիմնուած է անցեալ տարի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած օրինագիծին վրայ եւ այժմ կը քննարկուի Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց հարցերու յանձնախումբին կողմէ:

«Մենք պէտք է պայքարինք, որպէսզի ապահովենք Թուրքիոյ քրիստոնեաներու իրաւունքներուն պահպանումը: Մեզի` ամերիկացիներուս համար, հաւատքը շատ յարգի է: Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ կրօնական խտրականութիւնը եւ օրինական տէրերուն վերադարձնէ եկեղեցիէն բռնագրաւուած կալուածները: Ես առաւելագոյն ջանքեր պիտի ներդրեմ, որպէսզի այս օրինագիծը կարելի եղածին չափ շուտ որդեգրուի», յայտարարած է Պրաուն:

14 դեկտեմբեր 2011-ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է «Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական կալուածներուն վերադարձման մասին» թիւ 306 բանաձեւը: Այս տարուան մարտին նոյնպիսի բանաձեւ մը (թիւ 180) որդեգրուած է յունական համայնքի ճնշումին տակ:

28 օգոստոս 2011-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է 1930-ական թուականներէն ետք քրիստոնէական եւ հրէական եկեղեցիներէն ու տաճարներէն բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձման մասին հրամանագիրը: Ըստ որոշումին, եկեղեցիներուն պիտի փոխանցուին նախկին հիւանդանոցները, որբանոցները կամ դպրոցներու շէնքերը եւ գերեզմանատուներու տարածքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES