Թէժ Քննարկումներ` Միջկուսակցական Միասնական Կեդրոնի Ստեղծման Շուրջ
Երէկ Քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջկուսակցական միասնական կեդրոնի ստեղծման առնչութեամբ թէժ քննարկումներ կատարուեցան:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեան յայտարարեց, որ եթէ միասնական կեդրոնի ստեղծման յայտարարութեան տակ չստորագրեն կուսակցութիւններու առաջնորդները, ապա չի բացառուիր, որ իրենց ստորագրութիւնը յետս կոչեն:
Ըստ Յակոբեանի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ստորագրութիւնը թէ՛ համաձայնական կառավարութեան յուշագիրի, թէ՛ միասնական կեդրոնի փաստաթուղթին տակ տարօրինակ է եւ հակասութիւններու տեղի կու տայ: «Որպէսզի ինքնախաբէութեամբ չզբաղինք, պէտք է ճշդենք, թէ ո՛ր դաշտին մէջ կը գտնուինք», նշեց ան:
Ժառանգութեան փոխնախագահը առաջարկեց նաեւ ստեղծել յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի կաշառք բաժնող բարեգործական հիմնադրամներուն:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ Հայաստանի խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան պատասխանելով Յակոբեանի յայտարարութեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը առաջին դէմքի ստորագրութեան խնդիր չունի, քանի որ իր ստորագրութիւնը արդէն իսկ առաջին դէմքի ստորագրութիւն է: Ան նաեւ կատարեց առաջարկ մը` յստակացնել կեդրոնի նպատակը, հիմնական խնդիրները եւ աշխատակարգը:

