«ՀՅԴ-ն Այս Անգամ Աւելի Ուշադիր Պիտի Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Արա Նռանեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան երէկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կազմակերպած բանավէճին ժամանակ յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի շուրջ բաւական դրական մթնոլորտ ձեւաւորուած է եւ այս տարի աւելի շատ առիթներ կան, քան նախորդ ընտրութիւններուն ժամանակ: Ըստ Արա Նռանեանի, ընտրախախտումներու արդիւնք է այն փաստը, որ Դաշնակցութեան նկատմամբ «համակրանքը» միշտ աւելի մեծ է, քան ընտրութիւններէն ետք արձանագրուած ձայները:
Ըստ անոր, այս անգամ իրենք աւելի ուշադիր պիտի ըլլան ընտրատեղամասերէն դուրս կատարուող գործողութիւններուն, երբ կը կատարուին հիմնական ընտրախախտումները:
«Եթէ յաջողինք միացեալ ջանքերով ապահովել ընտրողներուն ներկայութիւնը ընտրատեղամասերուն մէջ, արդիւնքները անակնկալ պիտի ըլլան իշխանութիւններուն համար: Կարելի է համաձայնական կառավարութենէն երկու քաղաքական ուժեր անցնին խորհրդարան, այն ալ` աւելի քիչ տոկոսներով», ըսաւ Ա. Նռանեան:


