Արցախի Մէջ Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազրպէյճանցի Գերիին

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ազրպէյճանցի գերի Մամետպաղիր Ախունտզատէին:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակը ազրպէյճանական 1news.az համացանցային պարբերականին փոխանցեց, որ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նամակ փոխանցած են գերիին, որ իր կարգին հօրը հասցէագրուած նամակը յանձնեց անոնց:

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի վկայութեամբ` ազրպէյճանցի զինուոր Ախունտզատէ բանակի դիրքապահներուն ինքնակամ գերի յանձնուեցաւ 23 յունուարին, Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ` Վերին Չայլուի ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES