50 Տարի Առաջ ( 13 ապրիլ 1962 )
Կարեւոր Ժողով Սարպայի Պալատին Մէջ
Պէյրութի Բարեզարդման Աշխատանքները
Պիտի Փութացուին
Տարակարծութիւն Չկայ Վարչապետին
Եւ Արտաքին Նախարարին Միջեւ
Հանրապետութեան նախագահը երէկ առտու Սարպայի մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ էին Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի, մայրաքաղաքի քաղաքապետական յանձնախումբի նախագահ Ամին Պէյհում, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան եւ քաղաքապետութեան պատկանող բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Այս ժողովին նպատակն էր ճշդել մայրաքաղաքը հետաքրքրող կարգ մը ծրագիրներու իրագործման ձեւակերպութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը յայտարարեց, թէ պէտք է անյապաղ գործադրել այդ ծրագիրները:
Երեք Հերքումներ
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ երէկ վճռապէս հերքեց կարգ մը թերթերու կողմէ հրատարակուած այն լուրը, թէ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թագլայի հետ տարակարծիք է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին Լիբանան այցելութեան շուրջ:
Վարչապետը աւելցուց. «Ինչպէս բոլորս գիտենք, Ֆիլիփ Թագլա մեծապէս նախանձախնդիր է Լիբանանի չէզոքութեան եւ կայունութեան պահպանման»:
Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարը եւս հերքեց այդ լուրը` աւելցնելով, թէ վարչապետին հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ կը վարէ:
Վերջապէս, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ճեմայէլ եւս հերքեց այլ լուր մը, որուն համաձայն, պիտի հրաժարի դահլիճէն` բողոքելով խնդրի մը համար, որուն մէջ փաղանգաւոր մը գործ ունեցած է:
Ամառնային Ժամ Չկայ
Այս Տարի
Պաշտօնական աղբիւրէ կ՛իմանանք, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը որոշած է այս տարի ամառնային ժամի դրութիւն չհաստատել Լիբանանի մէջ: Այս որոշումը տրուած է` պաշտօնական հաստատութիւններու մէջ շփոթութենէ խուսափելու եւ գործերու բարւոք ընթացքը պահպանելու համար:
1.586.000 Լ. Ոսկի
Ալէյի Շրջանին Համար
Ալէյի երեսփոխան Մունիր Ապու Ֆատըլ յայտարարեց, թէ 1962-ի ընթացքին 1.586.000 լ. ոսկի պիտի յատկացուի` Ալէյի շրջանին մէջ քաղաքաշինական աշխատանքներու համար:
Վարչապետը Այսօր Զահլէ
Պիտի Այցելէ
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ այսօր` ուրբաթ պիտի այցելէ Զահլէ, ուր ժողով մը պիտի ունենայ Զահլէի կուսակալին եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ: Ժողովին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ:
Վարչապետը 20 ապրիլին պիտի այցելէ Պաալպէք:
Անձնական Ինքնաշարժները
Ճամբորդ Կը Փոխադրեն
Հանրային ինքնաշարժներու տէրերու չորս սենտիքաներ միասնաբար պահանջ ներկայացուցին կառավարութեան, որպէսզի արգիլէ ճամբորդներու փոխադրութիւնը անձնական ինքնաշարժներով:
Օգնութեան Խաչի Պէյրութի Վարչութեան
Տարեկան Ձեռնարկը
Ընտրուած հասարակութեան մը ներկայութեամբ, Քոլեճ տը Լա Սալի հանդիսասրահին մէջ, շաբաթ 24 եւ կիրակի 25 մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Օգնութեան խաչի տեղական վարչութեան տարեկան ձեռնարկը, որ այս տարի նախընտրաբար եղած էր թատրերգութիւն մը` Շիրվանզադէի «Աւերակներու վրայ», բեմադրութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին եւ ղեկավարութեամբ Թաթուլ Այնէճեանի:
Խնամքով պատրաստուած թատրերգութիւն մըն էր, որուն մէջ մեծ ճիգ կար հարազատ կերպով ցոլացնելու ժամանակաշրջանի մը փառքերն ու դէմքերը Պաքուի նաւթարդիւնաբերողներու հայկական ընտանիքներու:
Այս գովելի ձեռնարկով Օգնութեան խաչը կը տեսնենք ուրիշ մէկ արժանաւոր դերին մէջ. հայկական կեանքին մէջ իր դաստիարակչական մտահոգութիւններով, որ շատ մը առիթներով ապացուցած է, ինչպիսիք են իր կազմակերպած պարբերական դասախօսութիւնները: Եթէ անոնք իր անդամուհիներուն շրջանակին մէջ է, որ տեղի կ՛ունենան, թատերական բեմադրութիւն մը կ՛ընդգրկէ աւելի լայն զանգուած, իր ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ աւելի լայն շրջագծի մէջ, երբ նկատի առնենք մանաւանդ անոր կենդանի ներկայացումը մեր աչքին առջեւ, ուր խօսք եւ պատկեր զիրար կ՛ամբողջացնեն` ձգելու ազդու եւ մնայուն տպաւորութիւն ներկաներու մտքերուն մէջ:
Թատերախումբին եւ իր տաղանդաւոր ղեկավարին արժանիքներէն պէտք է յիշել այն հաղորդականութիւնը, որ կրցաւ ստեղծել դերակատարներուն եւ ներկաներուն միջեւ, ուր գեղեցիկ անցքեր գնահատուեցան ծափահարութիւններով:
Օգնութեան խաչը իր այս օգտաշատ ձեռնարկով ապահովեց երկու շահ` թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական, որ ապացոյց մըն էր իր հայ ժողովուրդի մէջ գտած սրտբաց ընդունելութեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ

