Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Ինչո՞ւ Գիտութիւնն Ու Արուեստը Պէտք Ունին Իրարու

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԳՈՐԾԷ «ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ», ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ (brainpickings.org)ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀՈԳԵԲԱՆ ԵՒ ՋՂԱԲԱՆ ԵՈՆԱ ԼԵՐԸՐԻ ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻՆ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ. ԱՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ, ԹԷ ԳԻՏՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ ԿԱՅ ՄԻԱՅՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ…

Բոլոր ժամանակներու իմ նախասիրած գիրքերէս մէկն է Եոնա Լերըրի «Փրուսթ ուազ է նիւրոսայնթիսթ» (Փրուսթ ջղագէտ մըն էր) գործը, որ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս կուռքի վերածուած քանի մը ստեղծագործ անձեր, իւրաքանչիւրը` իր մարզին մէջ, յայտնագործած են հիմնական ճշմարտութիւն մը ուղեղին մասին, նախքան արդի գիտութեան կողմէ անոնց մատնանշումն ու բնորոշումը: Օրինակ, Ճորճ Իլիըթ յայտնաբերած է ջղային դրութեան վերականգնումի կարելիութիւնը, Կըրթրուտ Սթայն ի յայտ բերած է լեզուին թաքուն կառոյցը, Սեզան երեւակայած է տեսնելու կարողութեան գործընթացը եւ Փրուսթ ցոյց տուած է յիշողութեան թերութիւնները: Վերջերս յիշեցի Լերըրի գիրքին մէջ այն պարբերութիւնը, ուր ան կը բացատրէ արտասովոր կարեւորութիւնը տարբեր ուսմունքներու միացումին, որ ինքնին «Պրէյնփիքինկզ» կայքին հիմնական փիլիսոփայութիւնն է, մանաւանդ` արուեստի եւ գիտութեան միացումը: Լերըր այս միացումը կը կոչէ «չորրորդ մշակոյթ մը», որ մեզի առիթ կու տայ «ազատօրէն գիտելիքներ պատուաստելու կիրառական գիտութիւններու (սայընսըզ) եւ ընկերային գիտութիւններու (հիւմանիթիզ) միջեւ եւ կեդրոնանալու անոնց հիմնական գաղափարը մեր ապրած փորձառութեան հետ կապելու աշխատանքին վրայ»:

Լերըր կը գրէ.

«Այժմ արդէն բաւական բան գիտենք անդրադառնալու համար, թէ ամէն ինչ պիտի չկարենանք գիտնալ: Այս պատճառով է, որ կարիքը ունինք արուեստի. անիկա մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընկալել խորհրդաւոր բաները: Միայն արուեստագէտը կրնայ պեղել անբացատրելին` առանց որեւէ պատասխան մը տալու մեզի, որովհետեւ երբեմն կարելի չէ պատասխան մը գտնել: Ճոն Քից այս վիպերգական մղումը կը կոչէ «ժխտական կարողութիւն»: Ան կ՛ըսէ, թէ կարգ մը բանաստեղծներ, ինչպէս` Շէյքսփիր, «կարողութիւնը ունէին մնալու անորոշութիւններու, խորհրդաւորութիւններու եւ կասկածներու մէջ` առանց ջղագրգիռ կերպով ձգտելու փաստերու եւ պատճառաբանուած տրամաբանութեան»: Քից անդրադարձած էր, որ երբ բան մը անլուծելի է կամ կարելի չէ զայն բացատրել բնագիտութեան օրէնքներով, ասիկա չի նշանակեր, թէ անիկա իրական չէ: Երբ կը յանդգնինք մեր գիտութենէն անդին երթալ, ապա ինչ որ կը գտնենք մեր դիմաց, արուեստն է»:

«Սակայն չորրորդ մշակոյթ մը ունենալէ առաջ, նախ պէտք է մեր ունեցած երկու մշակոյթները, այսինքն` կիրառական գիտութիւններն ու ընկերային գիտութիւնները բարեփոխեն իրենց սովորութիւնները: Ամէն բանէ առաջ ընկերային գիտութիւնները պէտք է անկեղծ կապեր հաստատեն կիրառական գիտութիւններուն հետ: Հենրի Ճէյմզ գրագէտի բնորոշումը կը կատարէ հետեւեալ ձեւով. գրագէտը անձ մըն է, որ նկատի կ՛առնէ ամէն ինչ: Արուեստագէտներ պէտք է նկատի ունենան այս եւ չանտեսեն գիտութեան ներշնչող նկարագրութիւնները իրականութեան վերաբերեալ: Ընկերային գիտութիւններու հաւատացող իւրաքանչիւր անձ պէտք է կարդայ «Բնութիւնը»:

«Միաժամանակ, կիրառական գիտութիւնները պէտք է ընդունին, թէ իրենց ճշմարտութիւնները միակ ճշմարտութիւնները չեն: Ոչ մէկ գիտելիք առանձնաշնորհում կը վայելէ այլ գիտելիքի մը դիմաց: Այս պարզ գաղափարը պէտք է ծառայէ իբրեւ հիմք` որեւէ չորրորդ մշակոյթի մը: Ինչպէս գիտութեան ականաւոր պաշտպան Քարլ Փոփփըր գրած է` «պայման է, որ հրաժարինք գիտելիքներու գերագոյն աղբիւրներ ունենալու գաղափարէն եւ ընդունինք, թէ գիտելիքը մարդկային յատկանիշ մըն է, թէ` անիկա միախառնուած է մեր սխալներուն հետ, մեր նախապաշարումներուն հետ, մեր երազներուն եւ յոյսերուն հետ, թէ` միակ բանը, որ կրնանք ընել, խարխափելով ճշմարտութիւնը փնտռելն է, թէեւ անիկա շատ հեռու է մեր հասողութենէն: Չկայ հաստատ բան մը, զոր կարելի չէ դարձնել քննադատութեան առարկայ»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES