Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Լռութեան Ծագումն Ու Մշակութային Եղափոխութիւնը

Աճաան Չահ. «Աղմուկը չի խանգարեր քեզի, դո՛ւն է որ կը խանգարես լռութիւնը»:

ՁԱՅՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ ՄԵԶԻ. ՈՒՐԻՇԻ՛Ն ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ: ԿԱՐԵԼԻ՛ Է ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ ԱՂՄՈՒԿԻ ՄԷՋ: ԼՌՈՒԹԻՒՆ Է ԲՈՂՈՔԸ` ԻՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԴԷՄ: ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ (brainpickings.org ) ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԵՂԷ ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՀՄԱՅԻՉ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ:

Վերջերս «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ լռութեան անհետացումին վերաբերող գրութիւն մը զիս մղեց դարձեալ թերթատելու Ճորճ Փրոքնիքի հոյակապ գիրքը լռութեան մասին: Կը սիրեմ գիրքերուն լուսանցքներուն մէջ նոթեր արձանագրել: Հետեւաբար բացի «Փըրսիւթ աֆ սայլընս. լիսընինկ ֆոր մինինկ ին է ուըրլտ աֆ նոյզ» (լռութեան փնտռտուքով. ականջ դնել` իմաստ գտնելու համար աղմուկի աշխարհին մէջ») գիրքը եւ նոթագրած պարբերութիւններուս շարքին գտայ հետեւեալը` լռութեան ծագումին եւ մշակութային ընկալումին վերաբերեալ.

«Անգլերէն «սայլընս» (լռութիւն) բառը կու գայ տարբեր արմատներէ: Անիկա մէկ կողմէ սերած է գոթական «անասիլան» բայէն, որ կը բնորոշէ մեղմացող հովը, միւս կողմէ` լատիներէն «տեսիներէ» բառէն, որ կը նշանակէ «կանգ առ»*: Բառագիտական այս երկու բացատրութիւնները ցոյց կու տան, թէ լռութիւնը որքա՛ն կապ ունի գործողութեան մը հետ, որ ընդմիջուած է: Նոյնպէս ալ` լռութիւնը բացատրելու ճիգը չի նմանիր որեւէ այլ աշխատանքի, որովհետեւ ընդհանրապէս կ՛առնչուի վազք մը կասեցնելու եւ աշխարհի վրայ մեր կամքն ու տեսիլքը պարտադրելու մղումէն հրաժարելու հետ: Լռութիւնը ոչ միայն կը նշանակէ անշարժ – անշշուկ նստիլ, այլ հազուադէպ բացառութիւններէ զատ, նախ կ՛ենթադրէ քայլ մը ետ քաշուիլ կեանքի հեւքէն… Այնպէս, կարծէք մեր մշակոյթին իբրեւ արդիւնք, մենք այնքան լա՛ւ սորված ենք «կամրջել վիհերը», որ անոնք ի սպառ անհետացած են: Մենք կ՛ապրինք անվերջ հոլովոյթներու դարաշրջան մը` արդէն լսուած եւ մոռցուած բաներու դրօշին տակ»:

Սակայն փոխանակ լռութիւնը հետազօտելու սոսկ իբրեւ բանի մը «հանումը», Փրոքնիք անոր «գումարելու» կարողութիւնը կը ներկայացնէ հետեւեալ գեղեցիկ մանրավէպով:

«Գեղանկարիչ բարեկամներէս մէկը` Ատըմ առիթով մը ինծի ըսած է, թէ ձայնը կը նմանցնէ դէպի ներկան առաջնորդող ուղեցոյցի մը: Ան իր մանկութեան տառապած էր հիւանդութենէ մը, որ զինք խուլ պահած էր ամիսներ շարունակ: Ան կը պատմէ, թէ այդ օրերու իր յիշողութիւնները պայծառ են եւ բնաւ ժխտական չեն: Իրօք, անոնք բացած են աշխարհ մը, ուր ան իր տեսած պատկերները կրնար միահիւսել շատ աւելի ազատ եւ իւրայատուկ ձեւերով, քան ինչ որ երբեւիցէ կատարած էր: Այս փորձառութիւնը այնքա՛ն հզօր էր, որ զինք առաջնորդած էր ամբողջ կեանք մը խորասուզուելու տեսողական արուեստներուն մէջ: «Ձայնը պատմութիւն մը կը պարտադրէ քեզի,- կ՛ըսէր ան,- եւ անիկա միշտ ալ ուրիշին պատմութիւնն է: Լռութեան իմ փորձառութիւնս կը նմանէր երազի մը մէջ արթուն զգալու եւ երազը առաջնորդելու` զայն տեսնելու պահուս»»:

Այս գաղափարը, այսինքն ժխտական վիճակի մը մէջ ստեղծագործական արտայայտչաձեւ մը գտնելու գաղափարը կը բաժնեն բազմաթիւ արուեստագէտներ, բառացի կամ փոխաբերական ձեւով: Հռչակաւոր է Ռոտենի այն խօսքը, որ կը նկարագրէ քանդակելու գործընթացը. քանդակել` կը նշանակէ վերցնել այն քարը, որ արդէն մաս չի կազմեր քանդակին, ըսած է ան: Իսկ Լուի Արմսթրոնկ ըսած է. «Յատկանշական են այն խազերը, զորս չեմ նուագած»:

Սակայն լռութեան խորախորհուրդ եւ երկդիմի բնոյթը ամէնէն աւելի խօսուն կերպով նկարագրած է պուտտայական լուռ ճգնաւոր Կենէ Լուշթաք: Փրոքնիք գրի առած է այն, ինչ որ Լուշնաք իրեն պատմած է 20-րդ դարու պուտտայական ականաւոր առաջնորդ Աճաան Չահի մասին.

«Երիտասարդ կրօնաւոր մը եկաւ ապրելու այն վանքին մէջ, ուր Աճաան Չահ կը ճգնէր լռութեան մէջ: Վանքէն դուրս` գիւղաւանին բնակիչները տեւաբար տօնախմբութիւններ կը սարքէին եւ երգելով ու պարելով կը լուսցնէին գիշերը: Երբ առաւօտեան ժամը 3:30-ին վանականները կ՛արթննային` լուռ խորհրդածելու համար, գիշերը սկսած տօնախմբութիւնները տակաւին կը շարունակուէին: Ի վերջոյ, առաւօտ մը երիտասարդ կրօնաւորը Աճաան Չահի յայտնած է իր բողոքը. «Ակնածելի առաջնորդ, այս աղմուկը կը խանգարէ իմ խորհրդածելու պահս, չեմ կրնար խորհրդածել այս աղմուկին մէջ», ըսած է ան: Ինչպէս Լուշթաք կը պատմէ, Աճաան պատասխանած է. «Աղմուկը չի խանգարեր քեզի, դո՛ւն է, որ կը խանգարես լռութիւնը: Լռութիւնը այն գործընթացը չէ, ինչ որ կը կարծենք, թէ կը կատարուի, երբ լռութիւն կը տիրէ: Լռութիւն կը տիրէ, երբ իմ հակազդեցութիւնս անլսելի է: Լռութիւն է բողոքս` իրերու ընթացքին դէմ»:

*Հրաչեայ Աճառեանի համաձայն, հայերէն «լուռ» բառին արմատը «լսել» է: Բնիկ հայերէն այս բառը սկիզբը կը նշանակէր «լսող, միտ դնող, ականջ դնող, հլու»: Իսկ լռել կը նշանակէ` «հանդարտիլ, դադրիլ, կենալ, կանգ առնել»:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES