Սթիւ Քափըլ Վերադարձաւ Ֆութպոլի Աշխարհ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Սթիւ Քափըլ վերադարձաւ ֆութպոլի աշխարհ, երբ նշանակուեցաւ Քրոլի Թաունի (Անգլիոյ Դ. դասակարգ) թեքնիք տնօրէն:

Ակումբին պատասխանատուներէն Էլըն Ուիլիըմզ ըսաւ, որ Քափըլի նշանակումը շատ կարեւոր պիտի ըլլայ խումբին արձանագրելիք յաջողութիւններուն համար` նկատի ունենալով, որ ան մեծ փորձառութիւն ունեցող մարզիչ մըն է:

56 տարեկան Քափըլ, որ 42 անգամ կրած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, նախապէս Մանչեսթըր Սիթիի, Քրիսթալ Փալասի եւ Ռիտինկի մարզիչ եղած է:

 

Share this Article
CATEGORIES