Թատրոն. «Փառքի Վաշխառուները» Մեր Մէջ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ողջունենք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, որ թատերասէրներուն յիշեցուց, թէ լիբանանահայ թատրոնը կանգուն է իր բոլոր արժանիքներով, իր անցեալով եւ դէպի ապագայ ճամբորդող գովելի ներկայով:

Նախքան բեմադրութեան մասին խօսիլը` յիշենք յիշատակելին: Անցեալ մը հրաշալի ներկայութիւն էր կարծես «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ, ուրկէ կ՛անցնէին խումբին անունը կրող Գասպար Իփէկեան, անոր հետեւորդը` Ժորժ Սարգիսեան: Վստահ ենք, որ Վարուժան Խտըշեան գոհունակութեամբ դիմաւորեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երիտասարդ նուիրեալ անդամները: Այսօր հերթն է Ռոպերթ Առաքելեանին: Ան իր աւելի քան 20 տարիներու բեմական փորձառութեամբ եւ թատերագիրի ու բեմադրիչի ստեղծագործական նուիրումով բերաւ իր գնահատելի նպաստը լիբանանահայ թատերական կեանքի ծաղկումին, Այնճարէն Պէյրութ, մանկապատանեկան թատերախաղերէն մինչեւ 2012 մարտ ամիսը, իր նորագոյն բեմադրական աշխատանքով, Մարսել Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» գործով:

Տասը շնորհալի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ներկայացուցին այս թատերախաղ-տրամը, որ բնաւ չէ կորսնցուցած իր այժմէական  «փառքը», քանի որ ֆրանսացի այս անմահանուն թատերագիրը ճանչցած է մարդը եւ անոր մարդկային կամ անմարդկային խառնուածքը:

Պարզ, բայց խօսուն յարդարանքով բեմին վրայ կատարուեցաւ ընտանեկան եւ ընկերային դիպաշարներու ներկայացում մը, բնական խաղարկութեամբ, որ յաջողութեան գրաւականն իսկ էր:

Փառասիրութեան իրագործման հետապնդում մըն էր խորքը թատերախաղին: Մարդկային տկարութիւններու շահագործում եւ մասամբ սոցին: Խորամանկութեամբ եւ նենգամտութեամբ փառքի տիրանալու մարմաջ:

Դերակատարումը եղաւ անսխալ, ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ:

Բեմին վրայ երկարատեւ ներկայութեամբ տիրական տիպարներ եղան Գէորգ Նալպանտեան (Պաշիլի դերով) եւ Հրակ Տեմիրճեան (Պերլօ): Երկխօսութիւն մը երկուքին միջեւ` համոզելու, խաբելու եւ խաբուելու:

Պատերազմական վիճակի մէջ է երկիրը: Ռազմաճակատին նահատակուող զաւակներու գուժը կը խռովէ հոգիները ծնողաց, հարազատներու: Հերոսներ կը փնտռուին եւ կը հռչակուին ոչ հաստատ տեղեկութիւններով: Գէորգ Նալպանտեան հօր դերին մէջ կ՛արտայայտէ իր զգացումները ռազմաճակատի մէջ եղող իր որդւոյն համար: Մինչ Հրակ Տեմիրճեան, իբրեւ ճարպիկ եւ վաշխառու անձնաւորութիւն, իր սուտերը կը փոխանցէ իբրեւ ճշմարտութիւն` շոյելով փառասիրութիւնը խօսակից Պաշիլի:

Այս դիպաշարը կը զարգանայ Պաշիլի որդւոյն (Նարեկ Առաքելեան, Մաքս Պաշիլի դերով): Ան նահատակուա՞ծ է, թէ՞ ողջ է… Երբ սուտը կայ, պէտք է հաւատալ իբրեւ ճշմարտութիւն: Ուրեմն, եթէ նահատակի մը հայրն է Պաշիլ, հետեւաբար կրնայ ընդունուիլ ժողովուրդին կողմէ իբրեւ պատերազմի նահատակ հերոսի հայր: Արդար է այնուհետեւ անոր երեսփոխան  ընտրուիլը եւ ապա նախարարի աթոռին նստիլը:

Հոս կը յայտնուի ճակատագրի հեգնանքը. Մաքս Պաշիլ ողջ է, ան կը յայտնուի յանկարծ… Խաղը խանգարուելու ենթակայ է: Ընդունի՞լ խաբէութիւնը, թէ՞ հրաժարիլ փառքին բարիքէն:

Թատերագիր Մարսել Փանիոլի միտք բանին է այս: Հաւատարմութիւն` իր սեփական սկզբունքին, կամ` հետեւիլ փառասիրութեան մղումին: Երկրորդը կ՛ընդունուի անշուշտ, որպէսզի արդարանան փառքի վաշխառուներու կամքն ու հետապնդումը: Բայց կայ նաեւ զաւակին անունը փոխելու հրամայականը, որպէսզի հայր Պաշիլի հերոսական կերպարի անունը չկորսուի: Թակարդը կը յստականայ, որդին կը մերժէ կեղծ անունը, ան ողջ է, նահատակի իր լուսանկարը տան մէջ կախուած է… հետեւաբար ամենադժուար դերը որդի Մաքս Պաշիլին է, որ կը գոռայ. «Ես անունս կ՛ուզեմ»: Ինքնութիւնը հաստատելու պահանջը զօրաւոր է: Այս յուսախաբութեան կը հետեւի իր կնոջ կորուստը (Բալիկ Լատոյեան-Ռիթա): Ան լսած էր, թէ իր ամուսինը` Մաքսը նահատակուած է, երկար սպասումէ ետք իր կեանքը կապած էր ուրիշի մը հետ, եւ երբ Մաքս ողջ վերադարձաւ, յուսախաբութիւնը կրկնուեցաւ: Այս պարագային Մաքս գտաւ իր կեանքը շարունակելու միջոցը, ամուսնացաւ Աննային հետ, որ Պաշիլներու որդեգիրն էր: Յաւերժ Շխըրտըմեան, Բալիկ Լատոյեան եղան թատրերկին դերակատարները` իրենց զգայուն եւ արտայայտիչ խաղարկութեամբ: Երրորդ դերակատարուհին` Թինա Թաշճեան (տիկին Պաշիլի դերով) մնաց իր դերին պահանջած բնական վիճակով: Քաջալերական է այս երեք երիտասարդուհիներուն երեւումը բեմին վրայ` ապագայ ներկայացումներու հաշուոյն:

Ըսինք, թէ երկարատեւ դերակատարութիւնը ստանձնած էին Գէորգ Նալպանտեան եւ Հրակ Տեմիրճեան: Մասնաւորաբար Հրակի շնորհքին խանդավառութիւնը եւ սէրը` հանդէպ թատրոնի, յստակ յայտնութիւն մը եղաւ: Գէորգ Նալպանտեանը կարելի է նկատել վաստակ ունեցող դերասան, ինքնավստահ եւ հաղորդական: Ինչ կը վերաբերի Յովհաննէս Հելվաճեանին, ան եւս փորձառու դերասանի ընդունակութեամբ ներկայ եղաւ տրամին` արտայայտելով իր վիշտը պատերազմին նահատակուած որդւոյն համար:

Ժան Պեքերեճեան ստանձնած էր կոմսի դերը: Ծանօթ անուն մըն է Ժան, որ իր թատերական շնորհքը կ՛ընծայէ ներկայացումներու բարօր ընթացքին օգտակար ըլլալով: Հապա՞ Նարեկ Առաքելեանը, երիտասարդ նորընծայ մը, դերին ըմբռնումով, լուրջ խաղարկութեամբ, արտայայտիչ ցաւի եւ ինքնութեան կորուստի, ընդվզում արտայայտող ընդդէմ խաբեբաներու: Ան իր երջանկութիւնը գտաւ ամուսնանալու որոշումովը Աննային հետ: Այս կարելի է նկատել ուրախ աւարտ մը, ինչպէս կ՛ըսեն` մխիթարանք մը այրող սրտի…

Ռիշարի դերը վստահուած էր Վարդան Ազնաւորեանին: Կարեւոր է դերակատարութեան ըմբռնումը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի բնական կերպարի ներկայացման վիճակին: Վարդան կատարեց իր դերը ամենայն գիտակցութեամբ: Բեմին հետ ընտելանալու փորձը յաջողութեամբ աւարտեց նաեւ Պօղոս Մալեանը` պաշտօնեայի մը դերով:

Ֆրանսացի ականաւոր թատերագրին գրած այս տրամը ամբողջովին ըմբռնելի խաղարկութեամբ մը ներկայացուեցաւ: Շնորհակալութիւն` վաստակաշատ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին, որ արժանացաւ հանդիսական թատերասէրներու ջերմ ծափահարութեանց, իր պատրաստած ջանադիր այս գործով: Իր շուրջ խմբուած դերասանները յաջողութեան ճամբան կտրած են, կարելի է անոնց վստահիլ այլ գործեր եւս:

Աւարտած է խաղարկութիւնը: Իւրաքանչիւր հանդիսական կ՛արտայայտէ իր գոհունակութիւնը` ջերմ ու երկարատեւ ծափերով: Ներկաները զգացած էին, թէ հանդիսատեսները եղած էին լուրջ ներկայացումի մը Համազգայինի աւանդութեան յատուկ արուեստով յագեցած, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին անունը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ:

Քուլիսներու ետին, օգնողներ, բազում աջակիցներ եւ հեւքոտ աշխատանքի ախոյեաններու շնորհիւ իրականացած արուեստի ներկայացում մը, որ եթէ ունեցաւ աննշան կամ անխուսափելի վայրկեաններու նկատողութիւն, իրագործուածը յոյժ գնահատելի է: Կ՛արժէ այլ առիթներով կրկնել այս տրամ-ներկայացումը: Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES