«12 Իրաւարար Բաւարար Է` Եւրօ-2012-ը Անթերի Կատարելու Համար» Կ՛Ըսէ Քոլինա
Իտալացի նախկին փորձառու իրաւարար Փիերլուիճի Քոլինա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Եւրօ-2012-ը անթերի կատարելու համար 12 իրաւարար բաւարար է:
«Լեհաստան եւ Ուքրանիա ժամանելիք բոլոր իրաւարարներն ալ ունին միջազգային մրցումներ սուլելու մեծ փորձառութիւն, լաւ որակ եւ բնականաբար սքանչելի պատրաստուածութիւն: Ես անձամբ անոնց հետեւած եմ եւ այժմէն իսկ կու գամ վստահեցնելու, որ անոնք պատրաստ են մրցաշարքին», ըսաւ Քոլինա:
Ան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Իւրաքանչիւր իրաւարարի, որուն պիտի վստահուի այս ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք մրցում մը, Եու. Է. Էֆ. Ա.ն հետեւած է շուրջ վեց ամիս: Եւրօ-2008-ին տեղի ունեցած ախոյեանութենէն միակ անգլիացի Հաուըրտ Ուեպն է, որ ներկայ պիտի ըլլայ: Մնացեալ բոլորը թէեւ նորեկներ են, սակայն անոնք իրենց արդար սուլիչին շնորհիւ շահած են Եու. Է. Էֆ. Ա.ին վստահութիւնը»:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ Քոլինա նշանակուած է Ուքրանիոյ իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ:


