Մանչեսթըր Սիթի Դպրոցին Ֆութպոլի Փորձերը Սկսան

Նախորդ շաբաթավերջին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ սկսան Մանչեսթըր Սիթի դպրոցին ֆութպոլի փորձերը, որոնք տեղի կ՛ունենան «Մոտեռն սթար օֆ Լեպանոն» դպրոցին կողմէ:

Այս փորձերը պիտի երկարին տասը շաբաթավերջերու վրայ` 6-12 եւ 13-16 տարեկան փոքրերու համար:

Անոնք պիտի աւարտին յառաջիկայ 2 յուլիսին:

Նշենք, որ այս փորձերը տեղի կ՛ունենան հսկողութեամբ անգլիացի փորձառու մարզիչ Էլըն Տիքընսընի (Մանչեսթըր Սիթիէն), որուն կ՛օժանդակեն լիբանանցի շարք մը մարզիչներ:

Share this Article
CATEGORIES