Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Սաֆա Յաղթեց, Ահտ Պարտուեցաւ

Սաֆա - Զաուրա մրցումին նշանակուած միակ կոլը (Լուսանկարը Տրամադրեց Ատնան Հաժ Ալի)

Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մարզական աւանին մէջ Սաֆա 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Զաուրա խումբին (Իրաք), շնորհիւ Հայսամ Աթուէի նշանակած կոլին (Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սաֆա այժմ Ե. խմբակին մէջ 6 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:

Յառաջիկայ 25 ապրիլին Պէյրութի մէջ Սաֆա պիտի հիւրընկալէ Թիլալը (Եմէն):

Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քուէյթի մէջ Ահտ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քուէյթիէն, որ նախորդ մրցումին Լիբանանի մէջ 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Ահտի: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հիւսէյն Պապա (81-րդ):

Քուէյթի այժմ ունի 7 կէտ, մինչ Ահտ` 4 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES